2016-11-05 09:44:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Զօր. Միշել Աունի


Ուրբաթ, 4 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ եւ հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նորընտիր նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

Վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, թեմերուն ու ժողովական կառոյցներուն անունով եւ անձնապէս ջերմօրէն շնորհաւորեց զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը` մաղթելով, որ իր ընտրութեամբ` ներքին միասնականութեան, տնտեսական զարգացման եւ միջազգային յարաբերութեանց փայլուն նոր էջ մը բացուի Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ քրիստոնէական ներկայութիւնը աւելի ամրապնդելու անհրաժեշտութեան: Թէ՛ հանրապետութեան նախագահը եւ թէ՛ վեհափառ հայրապետը նաեւ  շեշտեցին լիբանանեան սփիւռքը վերակազմակերպելու եւ Լիբանանի զօրակցութեան նոր մղում տալու հրամայականը:

Շնորհաւորական այս այցելութեան վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Մայր տաճարի լուսարարապետ Նորայր եպս. Աշըգեան:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.