2016-11-04 10:13:00

Սաատ Հարիրի Լիբանանի վարչապետ նշանակուեցաւ:


Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3ին, նախագահ Միշել Աուն աւարտեց վարչապետի նշանակման նպատակով երեսփոխաններու հետ երկօրեայ խորհրդակցութիւնները, որոնցմէ ետք նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Սաատ Հարիրի պիտի ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը: 127 երեսփոխաններէն 110ն առաջադրեցին «Մուսթաքպալ» հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի անունը։

Աուն խորհրդակցութիւններու սկսած էր ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ, որ առաջադրած էր Հարիրիի թեկնածութիւնը՝ միաժամանակ կոչ ընելով կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:

Հինգշաբթի օր, Աուն հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխան Արթիւր Նազարեանի հետ, որոնք Հարիրիի թեկնածութիւնը առաջադրեցին։

«Հըզպալլա»ն քաղաքական միակ գլխաւոր ուժն էր, որ ոչ ոքի անունը առաջադրեց վարչապետի պաշտօնին համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.