2016-11-04 11:08:00

Միւֆթի Տըրիան գնահատեց Ֆրանչիսկոս պապին զօրակցութիւնը Լիբանանին:


Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:

Հանդիպումէն ետք միւֆթի Տըրիան ողջունեց իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան եւ երկխօսութեան ամրապնդման առումով Ֆրանչիսկոս պապին արտայայտած կեցուածքները, ինչպէս նաեւ աշխարհի պատերազմները կասեցնելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու անոր տեսակէտը:

Միւֆթի Տըրիան դրուատեց պապին այն արտայայտութիւնը, թէ չկայ իսլամական ահաբեկչութիւն, այլ` կայ ահաբեկչութիւն, որ կրնայ բոլոր կրօններուն մէջ գոյութիւն ունենալ:

Ան գնահատեց պապին զօրակցութիւնը Լիբանանի միասնականութեան եւ պատգամի երկիր ըլլալուն:

Միւս կողմէ, միւֆթի Տըրիան Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրին շնորհաւորեց վարչապետ նշանակուելուն առիթով:

Ան յաջողութիւն մաղթեց նոր նշանակուած վարչապետին` յոյս յայտնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը դիւրացնեն անոր կողմէ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու աշխատանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.