2016-11-04 10:20:00

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Յորդանանի միջկրօնական համագումարին:


«Միջկրօնական երկխօսութիւն` նուիրուած արաբական աշխարհին մէջ բազմազանութեան, հանդուրժողականութեան եւ ընկերային համագործակցութեան» նիւթով համագումարը տեղի ունեցաւ 1-2 նոյեմբեր 2016-ին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ: Միջկրօնական համագումարը կազմակերպուած էր Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Զարգացման ծրագիրներու բաժանմունքի եւ Ապտալլա թագաւորի անուան միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի համագործակցութեամբ:

Սոյն համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, որ «Արաբական աշխարհին մէջ միջկրօնական երկխօսութեան վերանորոգում եւ աշխուժացում. օրակարգ, մեքանիզմներ եւ միջոցներ» նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ: Հայր սուրբը յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գնահատեց համագումարի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները, որոնք այժմէական այս նիւթերու քննարկման նախաձեռնած են պատմութեան այս կարեւոր փուլին: Իր ներկայացումի ընթացքին, հայր սուրբը շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յանձնառութիւնը` գործօն մասնակցութիւն բերելու միջկրօնական երկխօսութեան ընդհանրապէս եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան մասնաւորապէս: Ապա, ան քրիստոնէական դիտանկիւնէն պարզեց նիստին նիւթը` յիշեցնելով, որ քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնները պէտք է լուսարձակի տակ առնեն իրենց հասարակաց բարոյական արժէքները: Ան շեշտեց կրօնական հաստատութիւններու բանալի դերակատարութիւնը ընկերութեան մէջ համերաշխութիւն հաստատելու, պետութիւն-կրօնական հաստատութիւններ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ իրարհասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը: Իր խօսքի աւարտին, ան երկխօսութիւնը նկատեց լաւագոյն միջոցը հարցերը ճիշդ ձեւով դիմագրաւելու եւ լուծումներու հասնելու:

Միջկրօնական այս համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին միջազգային կազմակերպութիւններու, եկեղեցիներու, իսլամական հաստատութիւններու, համալսարաններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.