2016-11-04 09:14:00

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան ''ՄԱՍԻՍ'' պարբերաթերթը ունեցաւ նոր կայքէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «ՄԱՍԻՍ» շաբաթաթերթը այլեւս ունի իր սեփական յատուկ կայքէջը www.massismagazine.com հասցէի վրայ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ ''Կայքէջը սարքուած ըլլալով User Friendly դրութեամբ, ընթերցողները պիտի կարենան դիւրութեամբ նաւարկել անոր էջերուն մէջ, եւ բաժնեկցիլ անոր բովանդակութիւնը ընկերային ցանցերու վրայ'':

Նշենք թէ վերոնշեալ պարբերաթերթը հիմնուած է 1947-ին Կարդինալ Աղաճանեանին կողմէ որպէս շաբաթաթերթ մինչ այսօր կը գործէ ամսական դրութեամբ։

''ՄԱՍԻՍը'' Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան ազգային, քաղաքական, մշակութային ու եկեղեցական պարբերաթերթ է։

Ռատիովատիկանի անձնակազմը ուրախութեամբ կ՛ողջունէ ''ՄԱՍԻՍԻ'' վերոնշեալ ձեռնարկը խմբագրական կազմին մաղթելով բարի ու պտղաբեր գործունէութիւն` ի Փառս Աստուծոյ, եւ ի պայծառութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգիս Հայոց։








All the contents on this site are copyrighted ©.