2016-11-04 09:55:00

Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը 50,000 տոլար կը նուիրէ սուրիահայ գաղթականներուն:


Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը (AAMS) կը տեղեկացնէ, թէ 50,000 տոլար պիտի տրամադրէ Լիբանանի մէջ գործող բարեսիրական կազմակերպութեանց, Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Լիբանան գաղթած հայորդիներուն օժանդակելու նպատակով:

Գումարին կէսը պիտի տրամադրուի Հաուըրտ Գարակէօզեանի յիշատակի հիմնարկին, իսկ միւս կէսը՝ Լիբանանի Հայ Օգնութեան Խաչին (ԼՕԽին), որոնք զանազան ծրագիրներով կ՛աջակցին սուրիահայ գաղթականներուն։

«Ուրախ ենք, որ առիթը ունինք օժանդակութեան ձեռք երկարելու կարիքաւոր սուրիահայերուն, յատկապէս՝ ապահովելու համար անոնց բժշկական խնամքը», կը յայտնէ Ամերիկահայ բժշկական միութեան ատենապետ տոքթ. Ռաֆֆի Թաշճեան:

Մայիսին իր հիմնադրութեան 30ամեակը տօնած եւ աւելի քան 600 անդամներ ունեցող Ամերիկահայ բժշկական միութեան նպատակն է մարդասիրական զանազան միջոցառումներով նպաստել յատկապէս Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան առողջապահութեան: Միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aamsc.com կայքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.