2016-11-04 10:23:00

՝՝Մարդկային արժանապատուութիւնը սակարկելի չէ ՝՝ գերապայծառ Աուզա


(Ռատիօ Վատիկան) 2 նոյեմբեր 2016-ին, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ ՝ գերապայծառ Պերնարտիդօ  Աուզա  ելոյթ ունեցած է,  ՄԱԿ-ի՝ հակա-սեմականութեան, խտրականութեան եւ  օտարատեցութեան մասին գումարուած ընդհանուր նիստին։

Գերապայծառը իր ելոյթին մէջ  ընդգծած է մարդու արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքը՝ ըլլայ ան գաղթական , ըլլայ սովորական բնակիչ մը, շեշտելով թէ իւրաքանչիւր անհատի մարդկային իրաւունքները արմատացած են  իւրաքանչիւր անձին արժանապատուութեան մէջ եւ անոնք առանց խտրականութեան  անձեռնմխելի են,   աւելցնելով թէ մարդկային արժանապատուութիւնը անսակարկելի է։

Վատիկանի դիւանագէտը մտահոգութիւն յայտնած է աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ աճ արձանագրած  հակա -սեմական եւ օտարատեաց  արարքներուն նկատմամբ եւ այս ուղղութեամբ յորդորած է­, որ համայն մարդկային ընտանիքը անգամ մը եւս վերահաստատէ իր դիրքորոշումը պայքարելու ամէն տեսակի խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան երեւոյթներում  դէմ,  որովհետեւ, ընդգծած է Գերապայծառ Աուզա ասոնք հակառակ են իւրաքանչիւր անհատի մէջ արմատացած արժանապատուութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.