2016-11-03 10:17:00

Լեւոն Մկրտչեան. «Պէտք Է ստեղծենք լուրջ գիտական կեդրոն, որ զբաղի դասագիրքեր պատրաստելու գործով»


Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանէն անդրադարձած է կրթական խնդիրներուն:

«Այսօրուան ամէնէն կարեւոր հարցը կրթութեան որակի բարձրացման հիմնախնդիրն է, որ կը սկսի հանրակրթութենէն», ըսած է ան եւ նշած, որ աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, ուր հասարակութիւնը իր կրթական համակարգէն լիովին գոհ ըլլայ, ինչ որ կարեւոր խթան է համակարգի մնայուն զարգացման:

«Մենք շատ մեծ խնդիրներ ունինք, բայց գրեթէ բոլոր գործընկերները կ՛ընդունին, որ Հայաստանի կրթական համակարգը միջին եւրոպական մակարդակի համակարգ է, եւ մեր կառուցուածքը ճանաչելի եւ գնահատելի է անոնց կողմէ», դիտել տուած է Մկրտչեան:

Անդրադառնալով դասագիրքերու խնդիրին` նախարարը ըսած է, որ նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն չէ հրապարակուած գիրք մը, որ դպրոցներուն մէջ գործածուի ու չքննադատուի:

«Իմ կարծիքով` մենք պէտք է կարենանք անցնիլ շուկայական հեղինակներու մրցակցութեան համակարգին եւ ստեղծենք լուրջ գիտական կեդրոն, որ զբաղի դասագիրքեր պատրաստելու գործով», հաստատած է նախարարը` ընդգծելով, որ պիտի կիրարկուի նաեւ այլընտրանքային դասագիրքերու ձեւաչափը:

Անդրադառնալով աշնանային արձակուրդներու երկարաձգման կարելիութեան` նախարարը ըսած է, որ չի կարծեր, թէ նման քայլի կարիք կայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.