2016-11-02 10:02:00

Վանի հայկական ժայռափոր եկեղեցին՝ ամբողջական քանդումի եզրին


ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Վան նահանգի Պահճեսարայ գաւառի Ալթընտերէ թաղամասի ճամբուն վրայ գտնուող աւելի քան 200ամեայ հայկական ժայռափոր եկեղեցին, որ յայտնի է  Սպիտակ եկեղեցի անունով, կը շարունակուի քանդումի ենթարկուիլ գանձագողերու կողմէ. այս մասին կը հաղորդէ «Տիճլէ» լրատու գործակալութիւնը:

Աղբիւրին համաձայն՝ եկեղեցւոյ ներքին եւ արտաքին պատերուն վրայ գրութիւններ եղած են, իսկ կառոյցի զանազան հատուածները վնասուած են գանձ որոնողներու կողմէ, մինչ հովիւներ կառոյցը սկսած են օգտագործելու իբրեւ ախոռ:

«Այս հիասքանչ եկեղեցին ձգուած է ճակատագիրի քմահաճոյքին, իսկ պետական մարմինները ոչ մէկ քայլի կը ձեռնարկեն՝ զայն փրկելու ուղղութեամբ», կ՛եզրակացնէ «Տիճլէ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.