2016-11-02 09:29:00

Նորին Սրբութիւնը վերադարձաւ Վատիկան. Օր մեռելոցի սուրբ պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շուէտ կատարած երկու օրուայ առաքելական ճամբորդութիւնը աւարտելէ ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` 1 նոյեմբեր 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 3-30ին ժամանեց Հռոմի Չամփինօ օդակայան ուրկէ անմիջապէս ուղղուեցաւ ''Սանթա Մարիա Մաճճորէ'' Աստուածամօր նուիրուած մայր տաճար, շնորհակալութիւն յայտնելու համար Աստուածամօր` առաքելական ճամբորդութեան յաջողութեան ու բարի ընթացքին համար։

Իսկ այսօր` 2 նոյեմբեր 2016-ին, օր մեռելոցի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յետմիջօրէի ժամը 4-ին Հռոմի ''Փրիմա Փորթա'' գերեզմանատան մէջ, հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ կը մատուցէ բոլոր ննջեցեալներու հոգւոյն հանգստեան դիտաւորութեան։ Մինչ յառաջիկայ ուրբաթ 4 նոյեմբերին. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը հանդիսապետէ անցեալ տարուայ ընթացքին ննջեցեալ կարդինալներու եւ եպիսկոպոսներու յիշատակին` հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը։








All the contents on this site are copyrighted ©.