2016-11-02 11:40:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ . Ճշտապահութիւնը…


Ա­մէն ինչ իր ժա­մա­նա­կին կա­տա­րե­լու ի­մաս­տու­թիւ­նը միշտ գնա­հա­տուած է, սա­կայն մար­դիկ միշտ ու­շա­ցու­մի թե­րու­թեամբ յան­ցա­ւոր նկա­տո­ւած են: Ժա­մա­նա­կը չէ՛ ան­շուշտ յան­ցա­ւո­րը, այլ մար­դիկ ի­րենք, ո­րով­հե­տեւ յաւիտե­նա­կան ժա­մա­նա­կը Աս­տո­ւած վստա­հած է ու յանձ­նած բանականութեան տէր մար­դուն, որ­պէս­զի իր կեան­քին հա­մա­պա­տաս­խան՝ տնօ­րի­նէ զայն ու օգ­տո­ւի ա­նոր ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն:

Ու­շա­ցու­մը ընդ­հան­րա­պէս ա­նա­խոր­ժու­թիւն պատ­ճա­ռող ե­րե­ւոյթ է, նոյ­նիսկ ե­թէ այդ ու­շաց­ման պատ­ճա­ռով կան­խո­ւած են եր­բեմն դժբախ­տու­թիւն­ներ: Ու­շաց­ման վրայ ա­ռա­ջին ակ­նար­կով, դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն չենք ստանար: Սա­կայն երբ այդ ու­շաց­ման հե­տե­ւան­քով ստոյգ դժբախ­տու­թիւն մը բախ­տով հե­ռա­նայ մեզ­մէ, այն ա­տեն ա­կա­մայ կը գնա­հա­տենք ուշացումը, որ ըս­տին­քեան ժխտա­կան ե­րե­ւոյթ է:

Ժա­մադ­րու­թիւն յար­գե­լու ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը ու­նե­ցող­ներ գո­վեստ­նե­րու կ՛արժանա­նան: Եր­բեմն ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րի բնոյթ կը տրո­ւի այս երեւոյթին: Օ­րի­նակ, կ­՛ը­սեն, թէ այ­սինչ ազ­գի զա­ւակ­ներ սո­վո­րու­թիւն ու­նին բնա՛ւ չու­շա­նա­լու ի­րենց ժա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն, այլ՝ պար­տա­ճա­նաչ կ­՛ըլ­լան ը­սո­ւած ժա­մէն ալ ա­ւե­լի կա­նուխ հաս­նե­լու ո­րո­շո­ւած վայ­րը ու այն­տեղ կը սպասեն:

Մեր ազ­գի պա­րա­գա­յին, դժբախ­տա­բար, մեր իսկ կող­մէ տրո­ւած վկայութիւնը այն է, թէ մենք միշտ կ­՛ու­շա­նանք մեր ժա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն, ընդ­հան­րա­պէս ո­րոշուած վայ­րը հաս­նե­լով ո­րո­շո­ւած ժա­մէն բա­ւա­կան ուշ:

Ու­շա­ցում­նե­րը հիմ­նա­ւո­րո­ւած պէտք է ըլ­լան բա­նա­ւոր «հիմ­նա­ւոր» պատճառաբանութիւն­նե­րով:

Ընդ­հան­րա­պէս, երբ ու­շա­նանք մեր ժա­մադ­րու­թեան, ա­մէ­նէն սո­վո­րա­կան դար­ձած եր­թե­ւե­կու­թեան խճո­ղու­մի պատ­ճա­ռա­բա­նու­թե­նէն սկսեալ մին­չեւ եր­բեմն ե­րե­ւա­կա­յա­կան եւ ա­ւե­լի՛ «ծան­րակ­շիռ» պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­ներ կու տանք, պար­զա­պէս ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար մեր ու­շա­ցու­մը:

Ու­շա­ցում­նե­րը միայն ան­հա­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ չեն ըլ­լար: Ազ­գեր, պե­տու­թիւն­ներ եւ կրօն­ներ նաեւ ու­շա­ցու­մի թե­րու­թեամբ կը մե­ղադ­րո­ւին: Ազ­գա­յին ո­րո­շում­ներ քա­ղա­քա­կան դիր­քո­րո­շում­ներ, կամ կրօ­նա­կան հայեացք­ներ եւս ճի՛շդ ժա­մա­նա­կին պէտք է կա­տա­րո­ւին, կան­խե­լու հա­մար մարդ­կու­թեան կեան­քին մէջ ի յայտ ե­կող բազ­մա­թիւ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ:

Ք­րիս­տո­նէու­թեան հիմնադի­րին՝ Յի­սու­սին վար­դա­պե­տու­թիւ­նը ա­ւե­լի՛ շօշա­փե­լի դար­ձաւ Իր ունկն­դիր­նե­րուն ու հե­տե­ւորդ­նե­րուն, երբ Ան գործնական մօ­տե­ցու­մով, մար­դա­սի­րա­կան ու ըն­կե­րա­յին ծառայութիւններով հիմ­նա­ւո­րեց Իր պատուէր­նե­րը, ա­նոնց ա­ռա­ջին գործադ­րո­ղը ան­ձամբ Ի՛նք ըլ­լա­լով: Ուս­տի՝ յա­ճախ զԻնք շրջա­պա­տող մարդոց ֆի­զի­քա­կան ա­ռող­ջու­թեան եւս բժիշ­կը հան­դի­սա­նա­լով, Յի­սուս զայն միա­ցուց հո­գե­ւոր բժիշ­կի Իր դերակատարութեան, հո­գի եւ մար­մին ամ­բող­ջա­կան միու­թեան ու առողջութեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը գե­րա­զան­ցօ­րէն ընդգ­ծե­լով:

Մար­դա­սի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռա­ջին ու գլխա­ւոր կէ­տը ի­րա­րու համար ա­ղօ­թե­լու նո­ւի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է: Երբ սո­վո­րու­թիւն դարձնես ա­ղօ­թել հա­ւատ­քիդ չպատ­կա­նող մար­դուն հա­մար, նոյ­նիսկ ա­նոր՝ զոր չես ճանչ­նար անձ­նա­պէս, այդ պա­հուն սիր­տիդ խո­րը ի­տէալ սէրն է որ ծնունդ կ­՛առ­նէ: Սէր, ո­րուն մա­սին շա՜տ քարոզ­ներ լսած ես ան­ցեա­լին եւ կը լսես գրե­թէ ա­մէն օր, գրե­թէ ա­մէն տեղ եւ գրե­թէ ա­մէն մար­դու շրթնե­րէն: Սէր, որ ա­ռանց ճանչ­նա­լու իր ա­ռար­կան, կը սի­րէ զայն, այն­պէս ինչ­պէս կրօն­նե­րու հե­տե­ւորդ­ներ ա­ռանց տե­սած ըլ­լա­լու ի­րենց Աս­տո­ւա­ծը, զԱյն հոգե­ւին սի­րել կը դա­ւա­նին հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն եւ եր­բեմն այն­քան ինքնավս­տա­հու­թիւն բու­րե­լով ի­րենց չորս դին:

Աշ­խար­հը ու­շա­ցաւ կրօ­նա­բա­րո­յա­կան իր դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րը արագացնե­լու «կրթա­կան» կա­րե­ւոր հա­մա­կար­գը կազ­մե­լուն մէջ ու առաւելա­բար զբա­ղե­ցաւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րու հաս­տա­տու­մով՝ մե­կու­սաց­նե­լով կրօն­քին այն­քան կեն­սա­կան լծա­կը:

Քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մէջ տես­նե­լով մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց անհ­րա­ժեշտ բո­լոր տար­րե­րը, կրօն­քի ու­սու­ցում­նե­րը ար­դէն իսկ նե­րա­ռո­ւած հա­մա­րեց իր ստեղ­ծած ժո­ղովըր­դա­վա­րու­թեան հա­մա­կար­գին մէջ: Սա­կայն, մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը փոր­ձա­ռա­բար տե­սաւ, թէ՝ կրօնական ու­սու­ցում­նե­րը ան­ջա­տե­լուն հե­տե­ւան­քով մեծ վտանգ­ներ կը դիմագ­րա­ւէ աշ­խար­հը: Իսկ իր այս ու­շա­ցու­մը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար, աշխար­հը զայ­րոյ­թով լե­ցո­ւած, ա­նար­դա­րու­թեան զոհ հա­մա­րե­լով իր այնքան ժո­ղովր­դա­վար մտա­ծե­լա­կեր­պը, որ­դեգ­րեց այլ տար­բե­րակ, որ «արիւ­նով ա­րիւն լուալու» այ­լընտ­րանքն է:

Աշ­խարհ չի՛ կրնար ու­րա­նալ իր ու­շա­ցած ըլ­լա­լը:

Ա­նոր զայ­րոյ­թը ա­նի­մաստ է, վա­խը ան­տե­ղի, ո­րով­հե­տեւ տհաճ բո­լոր երեւոյթ­նե­րուն պատ­ճառ­նե­րը բա­ցա­յայ­տո­ւած կ­՛ըլ­լա­յին, ե­թէ ան ու­շա­ցած չըլ­լա­ր…

Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան 








All the contents on this site are copyrighted ©.