2016-11-01 17:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթները ''Սուրբերը յայտնաբերեցին իսկական երջանկութիւնը''. ''Քալենք միացած''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրբերը յայտնաբերած են իսկական երջանկութեան գաղտնիքը, որ կը բնակի մեր հոգւոյն խորքը եւ որուն աղբիւրը Աստուծոյ սիրոյն մէջն է'' գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երեքշաբթի 1 նոյեմբեր 2016-ին` Ամենայն Սրբոց Տօնին առթիւ, իր թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակած մէկ թուիթին մէջ։ Վերոնշեալ նախադատութիւնը քաղուած է Ֆրանչիսկոս Պապին` Շուէտ կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս Մալմոյի մարզադաշտին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզէն։

Իսկ Հռոմ վերադարձին Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց այլ թուիթ մը որուն մէջ քաջալերեց ''քալել միութեան մէջ''։

''Հայրը մեզ կը դիտէ ու անոր սիրոյ հայեացքը մեզ կը քաջալերէ բիւրեղացնելու մեր անցեալը ու քալելու միութեան մէջ'' գրեց ՆորինՍրբութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.