2016-11-01 11:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Մարեմեան աղօթքն ու ողջոյնի խօսքը


(Ռատիօ Վատիկան) Մալմոյի մարզադաշտին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութեան աւարտին, 1 նոյեմբեր 2016 -ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ նոյն վայրէն արտասանեց Մարեմեան  աղօթքը, որուն առթիւ  շնորհակալութիւն յայտնեց Սթոքհոլմի Եպիսկոպոսին՝ Գերապայծառ Անտերս Արպորելիուսին, ինչպէս նաեւ բոլոր այն պատկան իշխանութիւններուն, որոնք պատրաստեցին Շուէտի առաքելական ճամբորդութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա՝ ողջունեց Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղարն ու նախագահը,  ինչպէս նաեւ Շուէտի եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսը։

Ողջոյնի շնորհակալական խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը  Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց Շուէտը այցելելու կարելիութիւնը ունենալուն համար  ու առիթը՝ հանդիպելու զանազան անձնաւորութիւններուն հետ, որոնցմէ շատերը ժամանած են աշխարհի զանազան վայրերէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց հաւատքը ապրելու աղօթքի եւ Սուրբ Խորհուրդներու մէջ, ինչպէս նաեւ վեհանձն ծառայութեան մէջ՝ հանդէպ կարիքաւորներուն եւ տառապողներուն։

Ան յորդորեց, որ իւրաքանչիւր անձ իր ապրած շրջանակին մէջ դառնայ աղ ու ճրագ, նմանելով Յիսուսի ապրելակերպին,  զօրակցելով եւ մեծ յարգանք ցուցաբերելով այլ եկեղեցիներու եղբայրներուն ու քոյրերուն, հասարակութիւններուն ու բարի կամք ունեցող անձերուն նկատմամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա՝ հրաւիրեց ապաւինելու Տիրամօր հովանիին, եւ Անոր յանձնել  մեր վիշտերն ու ուրախութիւնները, ինչպէս նաեւ տարակոյսներն ու ակնկալիքները։

՝՝Ամէն բան դնենք Տիրամօր հովանիին  ներքոյ, այն վստահութեամբ, որ Ան մեզի կը նայի իր Մայրական գորովով եւ մեզի խնամք կը տանի ՝՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց ներկաներէն խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար, իր կարգին իր աղօթքը ապահովեցնելով բոլորին ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.