2016-11-01 12:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց համամիութենական բնոյթ ունեցող Շուէտի առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շուէտի Մալմոյի մարզադաշտին մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի զոհի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքէն առաջ հակիրճ ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց ճամբորդութիւնը կազմակերպողներուն ապա եզրափակիչ օրհնութիւնը շնորհելէ ետք Ան ուղղուեցաւ աւանդատուն հուսկ օդակայան, ուր Շուէտի Մշակոյթի նախարարի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բարձրացաւ օդանաւ վերջ տալով Քահանայապետութեան միջազգային 17-րդ առաքելական ճամբորդութեան որ զինք առաջնորդած էր Շուէտ` Լուտերական Եկեղեցւոյ Վերանորոգումի 5-րդ դարադարձի Կաթողիկէ - Լուտերական միասնական յիշատակումը կատարելու համար։

Այս հակիրճ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ Լուտերական Եկեղեցւոյ հետ կազմակերպուած երկու կարեւոր ձեռնարկներու. առաջինը` Լունտ քաղաքի Լուտերականներու աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կայացած համամիութենական աղօթքին, որուն աւարտին ապա ստորագրուեցաւ նաեւ միասնական յայտարարութիւն մը ,իսկ երկրորդը Մալմոյի համալիրի համամիութենական ձեռնարկին` որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ քրիստոնեայ այլ դաւանանքներու 30 ներկայացուցիչներ։

Սրբազան Քահանայապետի Հռոմ ժամանումը նախատեսուած է 15,30-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.