2016-11-01 10:27:00

Մալմոյի մարզադաշտին մէջ Սուրբ Պատարագ ամենայն սրբոց տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Շուէտ կատարած առաքելական Ճամբորդութեան երկրորդ ու վերջին օրուան յայտագիրը սկիզբ առաւ առաւօտեան 8,20 անց, երբ Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առաւ  ''Իկելոզա'' համալսարանական համալիրէն ու փոխադրուեցաւ Մալմէօի ''Swedbank Stadion'' մարզադաշտ,  ուր ժամը 9,30-ին Ամենայն Սրբոց տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Սուրբ եւ անմահ Պատարագի  արարողութիւնը։

Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն փոխանցեց յաւուր պատշաճի քարոզը որուն մէջ ըսաւ.

 

''Այսօր ամբողջ եկեղեցւոյ հետ կը կատարենք Ամենայն Սրբոց տօնը։ Կը յիշատակենք ոչ միայն անոնք, որոնք սուրբ հռչակուած են պատմութեան ընթացքին, այլ նաեւ մեր եղբայրներէն շատեր, որոնք ապրեցան իրենց քրիստոնէական կեանքը՝ հաւատքի եւ սիրոյ լիութեամբ՝ պարզ եւ ծածուկ գոյութեան մը միջոցաւ։ Ապահովաբար, անոնց շարքին են նաեւ մեր ազգականներէն, բարեկամներէն եւ ծանօթներէն շատեր։ Այս սրբութեան տօնն է, որ կը կատարենք։

Այն սրբութեան, որ երբեմն, չի դրսեւորուիր մեծ գործերու եւ կամ բացառիկ յաջողութիւններու միջոցաւ, այլ ա՛յն սրբութեան, որ գիտէ ապրիլ մկրտութեան պահանջքները՝ ամենօրեայ հաւատարմութեամբ։ Սրբութիւն մը, որ կազմուած է Աստուծոյ սիրով՝ եղբայրներուն համար։ Ապրում հաւատարիմ սիրոյ՝ մինչեւ անձնուրացութիւն եւ ամբողջական նուիրում, ինչպէս այն մայրերու եւ հայրերու կեանքը, որ կը զոհուին իրենց ընտանիքներուն համար՝ կամաւոր եւ գիտակից կերպով հրաժարելով, թէեւ ոչ միշտ հեշտութեամբ, շատ մը բաներէ, շատ մը նպատակներէ եւ անձնական ծրագիրներէ։

Սակայն, եթէ կայ բան մը, որ կը բնորոշէ սուրբերը, դա անոնց իսկական երջանկութիւնն է։ Անոնք յայտնաբերած են իսկական երջանկութեան գաղտնիքը, որ կը բնակի մեր հոգւոյն խորքը եւ որուն աղբիւրը Աստուծոյ սիրոյն մէջն է։ Ասոր համար սուրբերը կը կոչուին «երանելի»։ Երանութիւնները անոնց կեանքն են, անոնց նպատակը, անոնց հայրենիքը։ Երանութիւնները կեանքի այն ճանապարհն է, որ Տէրը մեզի ցոյց կու տայ, որպէսզի կարենանք հետեւիլ Իր հետքերուն։

Այսօրուան Աւետարանին մէջ լսեցինք՝ թէ ինչպէս Յիսուս երանութիւնները կը յայտարարէ մեծ բազմութեան մը ներկայութեան, Գալիլիայի լիճին մօտ գտնուող լերան մը վրայ։ Երանութիւնները Յիսուսի անձին բնութագրումն է, հետեւաբար նոյնպէս քրիստոնեայինը։ Անոնց մէջէն կʼուզեմ մէկը ներկայացնել - «երանի հեզերուն»։

Յիսուս ինքնին կʼըսէ՝ «Սորվեցէք ինձմէ, որովհետեւ հեզ եմ եւ խոնարհ սրտով» (Մտթ ԺԱ. 29)։ Այս է Անոր հոգեւոր նկարագիրը, եւ Ան մեզի կը յայտնէ Իր սիրոյն հարստութիւնը։ Հեզութիւնը էութեան եւ կեանքի մէկ կերպն է, որ մեզ Յիսուսի կը մօտեցնէ եւ մեր միութիւնը կʼամրապնդէ. ան մեզ կը յորդորէ, որ մէկդի դնենք այն, ինչ որ մեզ կը բաժնէ եւ մեզ իրարու դէմ կը հանէ. կը յորդորէ որ միշտ փնտռենք նոր ձեւեր՝ յառաջ ընթանալու համար միութեան ճանապարհին վրայ, ինչպէս ըրին այս երկրի որդիները եւ դուստրերը, որոնց կարգին են Սրբուհի Մարիա Էլիզապեթթա Հեսսելպատ, որ վերջերս սուրբ հռչակուած է, եւ Սրբուհի Պրիկիտա, Պրիկիթթա Վատսթենա, Եւրոպայի երկրորդ պաշտպան սուրբը։ Անոնք աղօթեցին եւ աշխատեցան ամրապնդելու միութեան եւ հաղորդութեան կապերը՝ քրիստոնեաներու միջեւ։

Շատ խօսուն նշան մըն է, որ այստեղ, անոնց երկրին մէջ՝ բնորոշուած շատ տարբեր ժողովուրդներու համակեցութեամբ, միասնաբար կը յիշատակենք Բողոքական Վերանորոգումի 5րդ դարադարձը։ Սուրբերը փոփոխութիւնները կʼընկալեն շնորհիւ սրտի հեզութեան։ Անոնցմով կը հասկնանք Աստուծոյ մեծութիւնը եւ կʼերկրպագենք Անոր՝ անկեղծութեամբ։ Հեզութիւնը այն կեցուածքն է, որ ոչինչ կորսնցնելիք ունի, որովհետեւ անոր միակ հարստութիւնը Աստուած է։

Երանութիւնները կերպով մը քրիստոնեայի ինքնութեան փաստաթուղթն է, որ զանոնք կը ներկայացնէ իբր Յիսուսի հետեւորդներ։ Կոչուած ենք երանելի ըլլալու, Յիսուսի հետեւորդներ՝ դիմագրաւելով մեր ժամանակի ցաւերը եւ նեղութիւնները Յիսուսի հոգիով եւ սիրով։ Այդ իմաստով, կրնանք նկատել նոր պարագաներ՝ ապրելու համար զանոնք նորոգեալ եւ միշտ այժմէական հոգիով. երանի անոնց, որոնք հաւատքով կը կրեն այն չարիքները, որոնք ուրիշներ կը պատճառեն իրենց՝ եւ կը ներեն անոնց ի սրտէ. երանի անոնց, որոնք կը նային մերժուածներու եւ մէկուսացուածներու աչքերուն մէջ՝ ցոյց տալով անոնց մօտիկութիւն. երանի անոնց, որոնք կը ճանչնան Աստուած իւրաքանչիւր անհատի մէջ, եւ կը պայքարին, որ ուրիշներ ալ զԱյն գտնեն. երանի անոնց, որոնք կը պաշտպանեն եւ կը պահպանեն հասարակաց տունը. երանի անոնց, որոնք կը հրաժարին անձնական բարեկեցութենէ՝ ուրիշներու բարիքին համար. երանի անոնց, որոնք կʼաղօթեն եւ կʼաշխատին քրիստոնեաներու ամբողջական հաղորդութեան համար։ Ասոնք բոլորը, Աստուծոյ ողորմածութեան եւ գուրգուրանքին պատգամաւորներն են, եւ ապահովաբար պիտի ստանան Անկէ արժանի հատուցումը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, սրբութեան կոչը ուղղուած է բոլորին. պէտք է ընդունիլ զայն Տիրոջմէ՝ հոգիով եւ հաւատքով։ Սուրբերը մեզ կը քաջալերեն իրենց կեանքով եւ Աստուծոյ մօտ կատարած իրենց բարեխօսութեամբ։ Մենք պէտք ունինք իրարու՝ որպէսզի կարենանք սրբանալ։ Միասնաբար խնդրենք այս կոչումը ընդգրկելու շնորհքը, եւ աշխատինք միացեալ ուժերով՝ զայն հասցնելու կատարումին։

Մեր երկնային Մօր, բոլոր սուրբերու Թագուհիին վստահինք մեր դիտաւորութիւնները եւ երկխօսութիւնը՝ ի խնդիր բոլոր քրիստոնեաներու ամբողջական միութեան, մինչեւ մեր ճիգերը օրհնուին եւ միութեամբ հասնինք սրբութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.