2016-10-31 19:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Շուէտի առաքելական այցելութեան առթիւ հրապարակած թութիներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 31 հոկտեմբեր 2016-ին Շուէտ կատարած առաքելական ճամբորդութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հարապարակուեցան թուիթներ որոնք քաղուած են ճամբորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան արտասանած խօսքերէն։

Առաջինին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ.

''Խնդրենք Տիրոջմէ որ Անոր Խօսքը` աղբիւր լոյսի եւ կեանքի, քրիստոնեաները դարձնէ միշտ աւելի միացած''։ 

Իսկ երկրորդ թուիթին մէջ  նշուած է. ''Քրիստոնեաներու միութիւնը առաջնահերթութիւն է, որպէսզի գիտակցինք թէ մեր մէջ շատ աւելին է այն որ մեզ կը միացնէ քան ան որ մեզ կը բաժնէ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.