2016-10-31 10:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Իտալիոյ, Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ նախագահներուն ուղղած հեռագիրերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ  դէպի Շուէտ սաւառնելու ժամանակ, աւանդութեան համաձայն հեռագիր ուղղեց այն երկիրներուն նախագահներուն, որոնց օդային տարածքէն անցք կատարեց՝  Իտալիա Աւստրիա եւ Գերմանիա։ 

Իտալիոյ նախագահին յղած հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ մինչ  սկիզբ կու տայ Շուէտ Առաքելական ճամբորդութեան, համամիութենական յիշատակումը կատարելու համար Լուտերական վերանորոգ եկեղեցւոյ  5-րդ դարադարձի առիթով, սրտագին ողջոյնները կ՝ուղղէ  Իտալիոյ նախագահին ու ժողովուրդին  ու անոնց իր  ջերմ  մաղթանքները կը յայտնէ   հոգեւոր,   քաղաքացիական,  ընկերային  բարօրութեան համար  եւ կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնը ։     

Սրբազան Քահանայապետը նմանօրինակ մաղթանքներ ուղղեց նաեւ Աւստրիայի ու Գերմանիայի նախագաներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.