2016-10-31 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Շուէտի Արքունական ընտանիքին ու համամիութենական աղօթք։


(Ռատիօ Վատիկան) Շուէտ ժամանելէն ետք հակիրճ հանգիստէ ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ դէպի Երկրի արքունական Պալատ քաղաքավարական այցելութիւն շնորհելու երկրի թագաւորական ընտանիքին ուր Սրբազան Քահանայապետը առանձնական հանդիպում ունեցաւ անոնց հետ ապա անոնց ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Լունտի Աթոռանիստ Եկեղեցի ուր տեղի ունեցաւ համամիութենական աղօթքի արարողութիւնը։

Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մուտքին Սրբազան Քահանայապետ դիմաւորուեցաւ Շուէտի Եկեղեցւոյ առաջնորդի ու Սթոքոլմի Կաթողիկէ եպիսկոպոսի կողմէ­, որոնք ապա մուտք գործեցին եւ ուղղուեցան Եկեղեցւոյ կեդրոնական խորան ուր տեղի ունեցած հոգեւոր երգեցողութիւններէ ու սուրբ գրային ընթերցումներէ ետք յաւուր պատշաճի խօսք արտասանեց Լուտերական համաշխարհային Դաշնակցութեան քարտուղարը, որուն յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին քարոզը։

Լունտի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած համամիութեանական աղօթքի  արարողութեան աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը, ընկերակցութեամբ Լուտերական Համաշխարհային դաշնակցութեան նախագահին ու քարտուղարին, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Քիւրդ Քոխին­,  հրաժեշտ առնելով պատկան իշխանութիւններէն կ՛ուղղուի Մալմոյի մարզադաշտ­, ուր նախատեսուած է Համամիութենական ձեռնարկ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քրիստոնեայ այլ դաւանանքներու անդամներ։

Համամիութենական ձեռնարկի ընթացքին նախատեսուած են հոգեւոր երգերու ներկայացումն­, չորս վկայութիւններ, ապա Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան նախագահին ելոյթը որուն կը յաջորդէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ճառը։

Ձեռնարկի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ''Կանաչ Սենեակին'' մէջ հանդիպում կ՛ունենայ քրիստոնեայ դաւանանքներու 30 ներկայացուցիչներուն հետ ապա հրաժեշտ առնելով ներկաներէն կ՛ուղղուի ''Իկելոզայի'' համալսարանական համալիր վերջ տալով Շուէտ կատարած առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուայ յայտագիրին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.