2016-10-31 11:38:00

Շուէտի մէջ քրիստոնեայ կաթողիկէ հասարակութեան մաս են նաեւ կաթողիկէ Հայեր։


(Ռատիօ Վատիկան) Շուէտի կաթողիկէ հասարակութիւնը կը հաշուէ  բնակչութեան միայն մէկ առ հարիւրը,   տրուած ըլլալով որ բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը պատկանին Լուտերական  վերանորոգ եկեղեցւոյ ։

ԺԴ դարուն, Կուսթավօ Ա.  Թագաւոր    Լուտերական եկեղեցին հռչակած էր որպէս պետական  ազգային կրօնք,  եւ մինչեւ ԺԹ դար , երկրին մէջ արգիլուած էր,   որեւէ այլ կրօն։ Արդարեւ  մինչեւ 2000 թուական Լուտերական եկեղեցին Շուէտի մէջ  համարուած էր  պետական կրօնք։

Շուէտի մէջ այլ կրօնային փոքրիկ  հասարակութիւնները հետզհետէ աճ արձանագրած է շնորհիւ օտարականներու ներգաղթին։

Լեհերը կը համարուին օտարականներու ամենամեծ հասարակութիւնը, որոնց կը  յաջորդեն Խրուաթները՝ ներգաղթած Մեքսիքոյէն եւ Չիլիէն։ Մինչ՝ Միջին արեւելքէն ժամանած քրիստոնեաներու շարքին են ՝ Մելքիթները,­ Մարոնիները, Քաղդէացիները, եւ 1980 թուականէն սկսեալ նաեւ  կաթողիկէ Հայեր եւ Ասորիներ, որոնց թիւը վերջերս աւելիով աճած է, Միջին արեւելքի հակամարտութիւններու հետեւանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.