2016-10-31 14:57:00

Միշել Աուն Դարձաւ Լիբանանի 13-րդ Նախագահը


Լիբանան երկու տարի եւ ութ ամիս դադարէ ետք արդէն ունի նոր նախագահ: Լիբանանի խորհրդարանը Հոկտեմբեր 31-­ին երկրի նախագահ ընտրեց «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Միշել Աունը:

Նախագահական ընտրութեան նիստի երկրորդ փուլին, խորհրդարանը զօր. Միշել
Աունը ընտրեց հանրապետութեան նախագահ։ Զօր. Աուն ստացաւ 83 քուէ եւ դարձաւ Լիբանանի 13-­րդ նախագահը:

 Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի ժամը 12-­ին յայտարարեց ընտրութիւններուն ընթացքը: Ներկայ էին 127 պատգամաւոր: Աւելի քան 180 օտարերկրեայ դիւանագիտական, զինուորական ներկայացուցիչներ, հիւրեր, լրագրողներ կը հետեւէին նախագահական ընտրութեան ընթացքին:

Երկրի շարք մը շրջաններու մէջ արդէն սկսած են Միշել Աունի յաղթանակին նուիրուած տօնակատարութիւնները: Աունը խոստացած է յաղթանակէն անմիջապէս ետք այցելել Մոսկուա, Վատիկան եւ Փարիզ: Նորընտիր նախագահը Սաատ Հարիրին պիտի նշանակէ երկրի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին:








All the contents on this site are copyrighted ©.