2016-10-31 18:20:00

Համամիութեանական հանդիպում Մալմոյի համալիրին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շուէտ կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս` երկուշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մալմոյի համալիրին մէջ մասնակցեցաւ համամիութենական մէկ ձեռնակի մը ու այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ան ըսաւ.

Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, Վերանորոգումի 5րդ դարադարձի միասնական յիշատակումին համար, որ կʼապրինք նորոգեալ հոգիով եւ այն գիտակցութեամբ, թէ քրիստոնեաներու միութիւնը առաջնահերթութիւն մըն է, որովհետեւ կʼընդունինք, որ մեզ միացնողը շատ աւելի է, քան մեզ բաժանողը։

Այն ճամբան որ անցած ենք հասնելու այստեղ, արդէն մեծ շնորհք մըն է, որ Աստուած մեզի կը պարգեւէ։ Շնորհիւ Անոր օգնութեան, այսօր լուտերականներ եւ կաթողիկէներ միացած ենք, հաղորդակցութեան հոգիով, մեր հայեացքը ուղղելու միակ Տիրոջ, Յիսուս Քրիստոսի։ Մեր մէջ կայացած երկխօսութիւնը մեզի թոյլ տուած է խորացնել փոխադարձ հասկացողութիւնը, ստեղծել փոխադարձ վստահութիւն եւ հաստատել իղձը՝ ընթանալու դէպի ամբողջական միութիւն, որ պտուղ է Միջազգային Լուտերական Դաշնութեան եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զանազան կազմակերպութիւններու միջեւ կատարուած երկխօսութեան եւ համագործակցութեան։

Շնորհիւ փոխադարձ հասկացողութեան այս նոր կլիմային, այսօր Միջազգային Քարիթասը եւ Լուտերական Միջազգային Դաշնութեան «Ծառայութիւն Աշխարհի» մարդասիրական կազմակերպութիւնը՝ կը ստորագրեն համաձայնութիւններու յայտարարութիւն մը, զարգացնելու եւ ամրապնդելու համար համագործակցութեան մշակոյթ մը՝ մարդկային արժանապատուութեան եւ ընկերային արդարութեան խթանումի նպատակով։

Սրտանց կʼողջունեմ երկու կազմակերպութիւններու անդամները, որոնք, պատերազմներով եւ հակամարտութիւններով մասնահատուած աշխարհի մը մէջ, եղած են եւ են նուիրումի եւ ծառայութեան լուսաւոր օրինակ։ Կը յորդորեմ շարունակել համագործակցութեան ճանապարհին վրայ։

Ուշադրութեամբ լսեցի վկայութիւններն անոնց, որոնք բազմաթիւ մարտահրաւէրներու մէջ, օր ըստ օրէ, իրենց կեանքը կը նուիրեն՝ կերտելու աշխարհ մը, որ միշտ աւելի համապատասխանէ Աստուծոյ ծրագրին։

Պատասխան Վկայութիւններուն

Փրանիթա անդրադարձաւ արարչագործութեան։ Ամբողջ արարչութիւնը Աստուծոյ անսահման սիրոյն յայտարարութիւնն է՝ մեզի հանդէպ։ Ասոր համար, նաեւ բնութեան բարիքներու միջոցաւ մենք կրնանք մտածել Աստուծոյ մասին։ Կը բաժնեմ քու սարսափդ՝ նկատմամբ այն չարաշահումներուն, որոնք կը վնասեն երկրագունդին, մեր հասարակաց տան, եւ ծանր հետեւանքներ ունին կլիմայի համար։ Ինչպէս ճիշտ յիշեցիր, գլխաւոր հետեւանքները ստէպ կը պատահին խոցելի եւ սակաւ միջոցներ ունեցող անհատներու, որոնք ստիպուած են արտագաղթելու՝ ազատելու համար կլիմայական փոփոխութիւններու ազդեցութիւններէն։

Բոլորս, յատկապէս մենք քրիստոնեաներս, պատասխանատու ենք պահպանելու արարածները։ Մեր կենցաղը, մեր վարմունքը պէտք է համապատասխանէ մեր հաւատքին։ Կոչուած ենք մշակելու ներդաշնակութիւն մը մեր անձին եւ ուրիշներուն հետ, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ եւ Անոր ձեռքի գործին հետ։ Փրանիթա, կը քաջալերեմ քեզ՝ որ շարունակես քու ջանքերդ, որ կը ցուցաբերես մեր հասարակաց տան համար։

Գերապայծառ Հեքթոր Ֆապիօ, մեզի տեղեկութիւն տուաւ լուտերականներու եւ կաթողիկէներու միասնական աշխատանքի մասին, որ կը կատարեն Քոլոմպիայի մէջ։ Լաւ լուր մըն է, գիտնալ՝ թէ քրիստոնեաներ կը միանան՝ կեանք տալու համար հասարակական եւ ընկերային գործերու, որոնք ունին հասարակաց հետաքրքրութիւններ։ Ձեզմէ կը խնդրեմ յատուկ աղօթք՝ այդ հրաշալի երկրին համար, որպէսզի բոլորի համագործակցութեամբ կարելի ըլլայ հասնիլ խաղաղութեան, որ այնքան բաղձալի է եւ անհրաժեշտ՝ մարդկային արժանավայել համակեցութեան համար։ Թող ըլլայ աղօթք մը, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ բոլոր երկիրները, ուր կ՛երկարաձգուին հակամարտութեան ծանր պարագաներ։

Մարկերիթ մեր ուշադրութիւնը հրաւիրեց վայրագութիւններու զոհ եղած մանուկներու համար տարուած եւ խաղաղութեան նպաստող աշխատանքին վրայ։ Հիանալի բան մըն է, միաժամանակ կոչ մըն է՝ լրջօրէն նկատի առնել պարագաները, ուր բազմաթիւ անպաշտպան անհատներ կը տառապին, անլսելի ձայնով։ Այն ինչ որ դուն կը նկատես իբր առաքելութիւն, սերմ մըն էր, որ առատ պտուղ տուած է. եւ այսօր, շնորհիւ այդ սերմին, հազարաւոր երեխաներ կրնան ուսում առնել, աճիլ եւ վերագտնել իրենց առողջութիւնը։  Շնորհակալ եմ քեզի այն իրողութեան համար, որ ներկայիս, նոյնիսկ աքսորի մէջ, կը շարունակես հաղորդել խաղաղութեան պատգամը։ Ըսիր, թէ բոլոր անոնք, որոնք քեզ կը ճանչնան, կը մտածեն, թէ քու կատարածդ յիմարութիւն է։ Ապահովաբար՝ Աստուծոյ եւ ընկերոջ սիրոյն յիմարութիւնն է։ Երանի այդ յիմարութիւնը տարածուի, լուսաւորուած՝ Նախախնամութեան հաւատքով եւ վստահութեամբ։ Յառաջ ընթացիր եւ թող այն յոյսի ձայնը, որ լսեցիր քու արկածախնդրութեանդ սկզբնաւորութեան՝ կարենայ շարունակել ոգեւորել քու եւ շատ մը երիտասարդներու սիրտը։

Ռոզ, ամենէն երիտասարդը, սրտառուչ վկայութիւն մը տուաւ։ Ան գիտէ շահաբերել Աստուծոյ տուած տաղանդը՝ մարզանքի միջոցաւ։ Փոխանակ ուժերը վատնել անբարենպաստ պայմաններու մէջ, ան պտղաբեր կեանքի մը վերածած է զայն։ Երբ կ՛ունկնդրէի քու վկայութեանդ, միտքս կու գար շատ մը երիտասարդներու կեանքը, որոնք պէտք ունին վկայութիւններու՝ ինչպէս քու վկայութիւնդ։ Սիրով պիտի յիշեցնէի, թէ բոլորը կրնան յայտնաբերել Աստուծոյ զաւակ ըլլալու հրաշալի պարագան, եւ Աստուծմէ սիրուած եւ բարեացակամութեամբ ընդունուած ըլլալու առանձնաշնորհումը։ Ռոզ, քեզի սրտանց շնորհակալ եմ, այն ջանքերուն համար, որոնք կը կատարես՝ քաջալերելու համար աղջիկներ, որպէսզի անոնք վերադառնան դպրոց։ Շնորհակալ եմ այն աղօթքներուն համար, որ ամէն օր կը մատուցանես Հարաւային Սուտանի խաղաղութեան համար, որուն յոյժ կարիքն ունի այդ երիտասարդ երկիրը։

Այս ուժեղ վկայութիւնները լսելէ ետք, որոնք մեզի մտածել կու տան մեր կեանքի եւ այն աշխարհի մասին, ուր պատասխան կու տանք մեր կողքը գտնուող կարիքի պարագաներու, կը փափաքիմ շնորհակալ ըլլալ բոլոր պետութիւններուն, որոնք կʼօգնեն փախստականներու, գաղթականներու եւ անոնց, որոնք քաղաքական ապաստան կը խնդրեն. որպէսզի իւրաքանչիւր արարք՝ կատարուած այդ պաշտպանութեան կարիքն ունեցող անհատներուն ի նպաստ, ներկայացնէ զօրակցութեան եւ անոնց արժանապատուութեան ճանաչումի մեծ արարք մը։ Մեզի, քրիստոնեաներուս համար առաջնահերթութիւն մըն է ընդառաջել մեր աշխարհի մէջ մերժուած եւ մէկուսացուած անհատներուն, եւ շօշափելի դարձնել Աստուծոյ գուրգուրանքը եւ ողորմած սէրը։ Ան ոչ մէկը կը մերժէ, այլ կʼընդունի բոլորը։

Կարճ ժամանակէն պիտի լսենք եպիսկոպոս Անթուանի վկայութիւնը, որ Հալէպ կʼապրի, քաղաք մը, որ խորտակուած է պատերազմի պատճառով, ուր նուաստացուած եւ ոտնակոխ եղած են ամենէն հիմնական իրաւունքները։

Լուրերը, որոնք օր ըստ օրէ մեզի կը հասնին, մեզի կը յայտնեն անպատմելի տառապանքներու մասին, որոնք հինգ տարի է որ կʼերկարին։ Շատ մը կործանումներու մէջ, այր մարդիկ եւ կիներ հերոսաբար կը տոկան՝ կարիքաւորներուն մատուցանելու համար նիւթական եւ հոգեւոր ծառայութիւն։

Հիանալի է, որ նաեւ դուն, սիրելի եղբայր, կը շարունակես աշխատիլ շատ մը վտանգներու մէջ։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը մեր սրտին մօտիկ է, եւ կը յիշուի մեր աղօթքին մէջ։

Խնդրենք սրտերու դարձի շնորհքը անոնց համար, որոնք այդ շրջանի ճակատագրին պատասխանատուութիւնը կը կրեն։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, թոյլ չտանք, որ ձախողանքները մեզ յաղթահարեն։ Այս պատմութիւնները մեզ կը խթանեն եւ մեզի կը մատուցանեն նոր թափ՝ միշտ միութեամբ աշխատելու։ Երբ մեր տուները վերադառնանք, մեր հետ տանինք յանձնառութիւնը՝ իւրաքանչիւր օր վերածելու խաղաղութեան եւ հաշտութեան արարքի մը, ըլլալու համար քրիստոնէական յոյսի քաջարի եւ հաւատարիմ վկաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.