2016-10-31 12:15:00

Լուտերականութիւնը եւ Լունտ Քաղաքի ընտրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Լուտերական շարժումը յառաջացած է Գերմանիայի մէջ ԺԴ դարու ''Վերանորոգումի'' ընթացքին, Մարթին Լուտերի ու անոր հետեւորդներու ուսմունքի հիման վրայ ու ապա տարածուած է այլ երկիրներու մէջ։

Մերժելով կաթողիկէութեան եկեղեցական բարդ նուիրապետութիւնն ու հիմնական ծիսակատարութիւնը, լուտերականները պահպանած են այն ինչ որ չի հակազդեր  Սուրբ Գրգին։

Լուտերական վարդապետութեան մաս կը կազմէն այն համոզումը թէ փրկութիւնը կը բխի միայն Աստուծոյ վրայ ունեցած հաւատքէն եւ ոչ թէ բարի գործերու հետեւանքով։

Մարդը բարի գործեր կը կատարէ Աստուծոյ շնորհքի միջոցաւ։ Ամէն մին որ Աստուծմէ լուսաւորուած է կարող է լուսաբանել Սուրբ Գիրքը, ու այս մէկը հասկնալու համար հարկաւոր չեն ոչ տիեզերական ժողովներ եւ ոչ ալ Քահանայապետեր, այլ միայն Աստուածային շնորհքը ու սուրբ գիրքի պարունակութեան ամբողջական հասկացողութիւնը։

Լուտերական եկեղեցին Քահանայապետի անսխալականութիւնը չ՛ընդունիր մինչ Խորհուրդներու մաս կը կազմեն միայն Սուրբ Մկրտութիւնը ու Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Լուտերական եկեղեցւոյ մէջ ապա ընդունուած է տիեզերական քահանայութիւնը որ է ըսել թէ Աստուծոյ ու մարդու միջեւ յարաբերութեան մէջ կարիքը չկայ պաշտօնական կղերի միջնորդութեան։

Բացի Աստուածաշունչէն լուտերական դաւանաբանութեան հիմքը կը կազմէ նաեւ  1580-ին հրապարակուած ''Համաձայնութեան գիրքը''։ Լուտերական եկեղեցւոյ հետեւորդներու թիւը  մօտ 75 միլիոն է որոնք առաւելապէս կ՛ապրին Սքանտինավեան երկիրներու մէջ` Շուէտ, Տանիմարք, Ֆինլանտա,­ Նորվէկիա եւ Իսլանտա։ Լուտերական Եկեղեցւոյ հասարակութիւններ ներկայ են նաեւ ՄԱՆ-ի, Չեքոսլովաքիայի ու Հունգարիայի ու այլ երկիրներու մէջ։

Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութիւնը հիմնուած է 1947-ին։ Անոր կ՛անդամակցին 98 երկիրներու մէջ գործող 145 եկեղեցիներ։

Յայտնենք թէ Լուտերական Համաշխարհային դաշնակցութիւնը հիմնուած է Լունտ քաղաքին մէջ ու յառաջիկայ 2017-ին պիտի նշուի անոր հիմնադրութեան 70 ամեակը որ կը զուգադիպի Կաթողիկէ – Լուտերական եկեղեցիներուն  միջեւ երկխօսութեան գործընթացի 50 ամեակին։

31 հոկտեմբերը նշանակալի եւ կարեւոր թուականն մըն է, որովհետեւ այդ օր կը յիշատակուի  ''վերանորոգումի'' օրուան թուականը, 31 հոկտեմբեր 1517-ն  երբ Մաթին Լութերօ ՝՝Վիթթենպերկ ՝՝ կոչուած  բերդին  դուրին վրայ փակցուց իր 95 սկզբունքային դրոյթները։

2017 թուականին համայն  աշխարհի մէջ պիտի նշուի Լուտերական վերանորոգ եկեղեցւոյ 5-րդ դարադարձը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.