2016-10-31 10:09:00

Եգիպտոսի մէջ ողողումներուն պատճառով զոհեր եւ վիրաւորներ:


Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ անցնող չորս օրուան ընթացքին արձանագրուած տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով յառաջացած ողողումներուն պատճառով արձանագրուած է 22 զոհ եւ 72 վիրաւոր:

Ողողումները վնասներ պատճառած են բնակարաններուն եւ կարգ մը տուներ քանդուած են: Փողոցները ողողուած են ջուրով, որուն հոսանքը իրեն հետ տարած է ինքնաշարժներ:

Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութեան բանբեր Խալետ Մուժահետ յայտարարեց. «Ողողումին զոհերուն թիւը բարձրացաւ 22-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը` 72-ի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.