2016-10-30 12:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 30 հոկտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­ աւանդութեան համաձայն, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը քաղուած օրուան Աւետարանական ընթերցումէն (Ղուկ. 19, 1 – 10) ուր կը պատմուի Յիսուսի Զակքէոսի հետ ունեցած հանդիպումի մասին։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս,ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Այսօրուայ աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ դրուագ մը որ պատահեցաւ Երիքովի մէջ` ուր Յիսուս կը հասնի ու մեծ ամբոխ մը զինք կը դիմաւորէ։ Երիքովի մէջ կ՛ապրէր Զակքէոսը որ հարուստ մաքսապետ մըն էր։ Ան ալ կ՛ուզէր Յիսուսը տեսնել սակայն չէր կրնար մօտենալ Անոր եւ ապա կարճահասակ էր։ Ասոր համար կը բարձրանայ ժանտաթզենիի մը վրայ։ Երբ Յիսուս այդ ծառին մօտ կը հասնի աչքերը վեր կը բարձրացնէ ու կը հրամայէ ''Զակքէոս փութով վար իջիր որովհետեւ պէտք է որ այսօր քու տունդ գիշերեմ։ Զակքէոս  իսկոյն վարկ՛ իջնէ եւ ուրախութեամբ իր տան մէջ կ՛ընկալէ Յիսուսը, թէեւ շատեր կը գանգատէին ըսելով ''Մեղաւորին տունը գնաց Իջեւանելու''։

''Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրն մէջ կար նաեւ Զակքէոսի փրկութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։  Յիսուս  մղուած ողորմածութենէ անոր տունը մտնելով կ՛ըսէ ''այսօր այս տան փրկութիւնը իրակացաւ, քանի որ ասիկա Աբրահամի զաւակ է։ Որովհետեւ մարդու Որդին եկած է փնտռելու եւ փրկելու կորսուածը''։

''Յիսուսի հայեացքը արդարեւ կը գերազանցէ մեղքը ու նախապաշարումները, Ան կը դիտէ անձը Աստուծոյ աչքերով ու կանք չ՛առներ անցեալի չարութեան վրայ, այլ կը տեսնէ ապագայի բարիքը։ Չի յուսալքուիր փակումներու դիմաց­,­ այլ  կեանքի նոր հորիզոններ կը բանայ ու կանք չ՛առներ երեւոյթներու դիմաց այլ կը նայի սրտին'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով հետեւելու Յիսուս վարուելակերպին ու յանդիմանելու տեղ մեղաւորը անոր ցոյց տալ իր արժէքը, այն արժէքը զոր Աստուած կը շարունակէ տեսնել հակառակ ամէն բանի։

Աստուած արդարեւ այսպէս կը վարուի մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ, ան կը գերազանցէ մեր մեղքերը սիրով, ու մեցի զգացնել կու տայ  բարիի կարօտը։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի օգնէ տեսնելու բարին` ամէն օր մեր հանդիպած այն անձերուն մէջ,  որպէսզի բոլորս քաջալերուինք յայտնաբերելու Աստուծոյ դիմագիծը որ դրոշմուած է անոնց սրտին մէջ, եւ որպէսզի կարենանք ուրախանալ Աստուծոյ ողորմութեան անակնկալներու դիմաց։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.