2016-10-30 12:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Մօտիկութիւն Իտալիան հարուածող երկրաշարժի թիրախ բնակչութեան''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 30 հոկտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­, ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն վերյիշելով Մատրիտի մէջ հռչակուած չորս նոր մարտիրոս երանելիները ու աշխարհի զանազան վայրերու մէջ հալածուած քրիստոնեաները յանձնելով նոր երանելիներու բարեխօսութեան։ Սրբազան Քահանայապետը ապա իր մօտիկութիւնը արտայայտեց Կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժի թիրախ բնակչութեան։
''Այս առաւօտ եւս տեղի ունեցաւ նոր ուժգին ցնցում մը, ըսաւ Քահանայապետը, կ՛աղօթեմ բոլոր վիրաւորներուն համար ու բոլոր այն ընտանիքներուն համար որոնք կորուստներ ունեցան, ինչպէս նաեւ բոլոր այն անձերուն համար որոնք շտապ օգնութեամբ յանձնառու են։ Յարուցեալ Տէրը  ուժ պարգեւէ անոնց ու Տիրամայր զանոնք պահպանէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ յառաջիկայ երկու օրերուն առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Շուէտ, Վերանորոգումի յիշատակումին առթիւ, որուն ընթացքին Կաթողիկէներ եւ Լուտերականներ միասին կը համախմբուին աղօթքի մէջ։

''Ձեզմէ բոլորէդ կը խնդրեմ որ աղօթէք իմ այս ճամբորդութեանս համար որպէս այս մէկը հանդիսանայ նոր հանգրուան մը դէպի լիակատար  հաղորդութիւն տանող եղբայրական ուղեւորութեան'' խնդրանք արտայայտեց Սրբազան Քահանայապետը ու հուսկ բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի կիրակի, բարի ամենայն սրբոց տօն, ու խնդրեց որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.