2016-10-30 10:30:00

Կարդինալ Փարոլին. Լուտերականներու մեզ միացնող կէտերը աւելի են՝ քան մեզ բաժանողները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբերի 31ին դէպի Շուէտ կատարելիք միջազգային 17-րդ առաքելական ճամբորդութեան առթիւ, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը  Լուտերականներու հետ միասին  պիտի յիշատակէ Բողոքական Եկեղեցւոյ 5րդ դարադարձը, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հարցազրոյց մը տուած է Վատիկանի Ռատիոյին որուն մէջ կարճառօտ կերպով ներկայացուցած է Մարթին Լութերի պատմութիւնը եւ 500 տարի Եւրոպայի մէջ կատարուած եկեղեցական եւ քաղաքական յեղաշրջումները՝ որուն հետեւանքով Եւրոպայի մէջ ծայր առած էին բռնութիւններ եւ պատերազմներ։

Կարդինալ Փարոլին անդրադարձած է նաեւ երկու Եկեղեցիներու միջեւ վերջին 50 տարիներու կատարուած բանակցութիւններուն եւ երկխօսութեան, ուր նկատի կʼառնուի, թէ մեզ միացնող կէտերը աւելի են՝ քան մեզ բաժանողները։ Կարդինալ Փարոլին տեղեկութիւններ տուած է Սրբազան Պապի Շուէտ կատարած ճամբորդութեան օրակարգին եւ ձեռնարկներուն մասին, ուր մասնաւոր կարեւորութիւն մը ունի երիտասարդութեան մասնակցութեամբ կատարուած հանդիսութիւնը, Մալմէօի մարզադաշտին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապի այս այցելութեան առիթով, երկու Եկեղեցիները պիտի ստորագրեն  նաեւ միասնական յայտարարութիւն մը։ Ըստ Կարդինալ Փարոլինի 5րդ դարադարձի միասնական յիշատակումը, վկայութիւն մըն է՝ ըստ Յիսուսի կամքին։ Այս վկայութիւնը հարկաւոր է յատկապէս ի տես տիրող անհատապաշտութեան եւ նիւթապաշտութեան։

Հարցազրոյցի ընթացքին, Կարդինալ Փարոլին նկատել տուած է, թէ Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը՝ Շուէտի կաթողիկէ համայնքին համար խթան ու քաջալերանք պիտի հանդիսանայ։ Այդ համայնքը կազմուած է յատկապէս ներգաղթած կաթողիկէ հաւատացեալներէ։

Վերջապէս Կարդինալ Փարոլին դիտել տուած է թէ, եթէ նոյնիսկ անցեալի յարաբերութիւնները եղած են ցաւալի, շատ կարեւոր է շարունակել երկխօսութիւնը երկու Եկեղեցիներու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.