2016-10-29 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Կարելի չէ ըլլալ կաթողիկէ ու աղանդաւոր''։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 31 հոկտեմբերին Շուէտ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, ուր Նորին Սրբութիւնը պիտի մասնակցի Լուտերական Վերանորոգումի 500-րդ համամիութենական տօնախմբութեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Շուէտի Յիսուսեաններու ''Սինյում'' պարբերաթերթի տնօրէն` Հայր Ուլֆ Ժոնսոնի եւ ''Չիվիլթա Քաթթոլիքա'' պարբերաթերթի տնօրէն Յիսուսեան Հայր Անթոնիօ Սփատարոյի շնորհած հարցազրոյցի մը ընթացքին, խօսեցաւ Լուտերական եկեղեցւոյ հետ ունեցած բարեկամական յարաբերութիւններու մասին ընդգծելով ''միասին քալելու'' կարեւորութիւնը, ''արգելափակուած չմնալու համար խիստ հեռանկարներու մէջ, ուր վերանորոգումի կարելիութիւններ չկան''։

Սրբազան Քահանայապետը զրոյցի ընթացքին յայտնեց թէ այս ճամբորդութեան յոյսն ու սպասումը այն է ''մօտիկութեան քայլ մը իրագործել'' ու այս առնչութեամբ բացատրեց Լունտ եւ Մալմօ կատարելիք այցելութիւններու իմաստը, հաստատելով թէ ''հեռաւորութիւնը բաժանումի հիւանդութիւն կը պատճառէ''։

Հարցազրոյցի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ Լուտերական Եկեղեցւոյ կրօնապետերու հետ ունեցած յարաբերութիւններուն ու հանդիպումներուն, նշելով թէ Հռոմի Եկեղեցին պէտք է լուտերական աւանդութենէն դաս առնէ ու սորվի բարեփոխումի ու շարադրութեան ընթացքը։

Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ ''Աստուածաբանական երկխօսութիւնը պէտք է շարունակուի'' հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ընդգծելով թէ  հարկաւոր է ''գործել միասին''  զգուշացնելով ''մարդորսութենէ''  որ ''մեղքի վերաբերմունք է'' ու նկատի առնելով ''արեան համամիութիւնը''։

Հարցազրոյցի մէջ Սրբազան Պապը  անդրադարձ կատարեց նաեւ կրօնի անունով գործադրուած ահաբեկչութիւններուն զանոնք նկատելով սատանայական, խօսեցաւ ''չարախօսութեան ահաբեկչութեան'' զոր դժուար է արմատախիլ  ընել ու ''բռնութեան''  մասին որ կը պահանջէ սրտի խոր դարձ մը։ Ան ապա յիշեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հաս արկութիւնները  ու յատկապէս նահատակ Սուրիան, շեշտելով թէ ''մարտիրոսներու արիւնը քրիստոնեաներու սերմ է'', մինչ զրոյցի աւարտին Շուէտի  կաթողիկէ փոքր հասարակութենէն  խնդրեց որ իրենց հաւատքը ու իրենց խոր վկայութիւնը ապրին'' բաց եւ համամիութենական հոգիով'' որովհետեւ կարելի չէ, ըսաւ Ան, ըլլալ կաթողիկէ եւ աղանդական։ Ապա հրաւիրեց ''քալել միասին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.