2016-10-29 10:30:00

Վերջին 500 տարուայ մէջ առաջին անգամ ըլլալով բացուած է Քրիստոսի գերեզմանը:


National Geographic-ը տեսանիւթ մը հրապարակած է, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս վերջին 500 տարուայ մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը բացուի Քրիստոսի գերեզմանը: Հնագէտները նշած են, որ մարմարէ սալաքարի տակ մեծ քանակութեամբ քարերեր եղած են:

Գերեզմանը, ինչպէս յայտնի է, կը գտնուի Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ, մարմարէ գմբէթարդ մատուռի մէջ: Այն վերականգնուած է 1809-1810 թուականներուն` յոյն ճարտարապետ Նիքոլայ Քոմինի նախագիծով: Այժմ եւս այստեղ վերականգնողական աշխատանքներ կ՛ընթանան Աթէնքի ազգային գիտարուեստական համալսարանի յուշարձաններու եւ շինանիւթերու պահպանման մասնագէտ Անթօնիոյ Մարոփոլոյի գլխաւորութեամբ: Գիտնականները կը ցանկան պարզել, ինչպիսի տեսք ունեցած է Քրիստոսի գերեզմանը ի սկզբանէ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.