2016-10-28 09:55:00

Սուրբ Երկրին նպաստող միութիւններու 9րդ հանդիպում


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 29 հոկտեմբերին տեղի կ՝ունենայ Սուրբ Երկրին նպաստող միութիւններու 9րդ հանդիպումը։ «Նոր երկինք եւ նոր երկիր։ Սուրբ Երկրին քրիստոնեաները ողորմածութեան յոբելինական տարւոյն մէջ. յոյսի պատմութիւններ՝ ապագան կերտելու ատակութեամբ՝ ի հեճուկս ամէն բանի» - այս նիւթը պիտի քննարկուի ձեռնարկի ընթացքին, որ հովանաւորուած է Սուրբ Երկրի Խնամակալութեան կողմէ։ Ելոյթ պիտի ունենան զանազան մասնագէտներ, թղթակիցներ ու հոգեւորականներ՝ Սուրբ երկրի քրիստոնեաներու պատմութեան, սուրիոյ քրիստոնեաներու արտագաղթի եւ Սուրբ Երկրի Խնամակալութեան ծրագիրներու հայող հարցերով։ Յետմիջօրէին պիտի ներկայացուի բանախօսութիւն մը «Սուրբ Երկրի մէջ տրուած ողորմածութեան վկայութեան» մասին, եւ ապա Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ ձեռնարկը պիտի աւարտի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.