2016-10-28 09:57:00

Թէոդորոս պատրիարքի ներկայացուցիչը ուԱնկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդը այցելեցին Արամ Ա-ին։


Անցնող երկու օրերուն ընթացքին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախ ընդունեց ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոդորոս պատրիարքին ներկայացուցիչը` մետրոպոլիտ Պիշոյը: Վերջինս վեհափառ հայրապետին փոխանցեց պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ ուզեց իր կարծիքը ունենալ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումին ու յատկապէս Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին առնչուած կարգ մը հարցերու շուրջ: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց Արեւելեան ուղղափառ ընտանիքին ներքին դաւանական միութեան կարեւորութիւնը, գործակցութեան ճամբով աւելի ամրապնդելու կարիքը` նկատի ունենալով ներկայ ընկերութիւնը եւ յատկապէս Միջին Արեւելքը յուզող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդունեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին` Ճասթըն Ուելպիի ներկայացուցիչը` Կրեկորի եպիսկոպոսը: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս եկեղեցին յուզող հարցերու ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անկլիքան եկեղեցւոյ գործակցութեան:

Երկու սրբազաններն ալ ճաշի հիւրը եղան վեհափառ հայրապետին: Թէ՛ հանդիպումներուն եւ թէ՛ ճաշին ներկայ եղաւ նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.