2016-10-27 10:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Իտալիան հարուածող երկրաշարժի թիրախ անհատներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աղօթքով մօտիկ եմ այն անհատներուն որոնք թիրախ դարձան կեդրոնական Իտալիոյ նոր երկրաշարժին'' գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` 27 հոկտեմբերին հրապարակած թուիթին մէջ։

Յայտնենք թէ չորեքշաբթի 26 հոկտեմբերի երեկոյեան նոր երկրաշարժ մը հարուածեց կեդրոնական Իտալիոյ Մաչերաթա եւ Ումպրիա Մարզերը։ Տեղի ունեցան զանազան ցնցումներ որոնց առաջինը 19,10 անց 5,4 աստիճան ուժգնութեամբ` իսկ երկրորդը աւելի ուժգին` 21,18-ին, 5,9 աստիճանով, հուսկ 23,42-ին 4,6 աստիճանով այլ ուժգին ցնցում մը հարուածեց տարածաշրջանը։ Մասնագէտներու դիտարկումով սոյն երկրաշարժի ցնցումները կապուած են անցեալ 24 օգոստոսին կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժին։

Մինչեւ այժմ տեղի ունեցան 60 ցնցումներէ աւելի որոնք բազմաթիւ վնասներ պատճառեցին  բնակարաններուն ու կառոյցներուն, ու նաեւ ճանապարհներու ընդհատում։ Վնասուեցան նաեւ պատմամշակութային ու գեղարուեստական ժառանգութեան պատկան կառոյցներ։

Առաջին տուեալներու համաձայն արձանագրուած է միայն մէկ մեռեալ` այն ալ սրտի կատուածի բերումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.