2016-10-27 13:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հարաւային Սուտանի քրիստոնեայ կրօնապետերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր` 27 հոկտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Հարաւային Սուտանի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու կրօնապետերուն  գերապայծառ Բաուլինօ Լուքուտու Լորօ Հարաւային Սուտանի Ժուպա քաղաքի Արքեպիսկոպոս, Հարաւային Սուտանի Եպիսկոպոսական Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս` Հայր Տանիէլ Տէնկ Պուլ Եաքի եւ հարաւային Սուտանի Երիցական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` Հայր Փիթեր Կայ Լուալ Մորրոյի։ 
Լուրը հաղորդեց` Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, այս մասին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ որուն մէջ նշուած է նաեւ թէ ''ի տես լարուածութիւններուն որոնք բաժան բաժան կ՛ընեն բնակչութիւնը ու կը կործանեն երկրին համակեցութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին նկատի առնուեցան Քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջեւ բարի ու պտղաբեր համագործակցութիւնը, որով անոնք կ՛ուզեն իրենց սատարը տալ հասարակաց բարիքի զարգացումին ու մարդկային էակի արժանապատուութեան պաշտպանութեան ինչպէս նաեւ անպաշտպաններու ապահովութեան ու երկխօսութեան եւ հաշտութեան ձեռնարկներու զարգացումին։  
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նշած Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ լոյսին տակ ընդգծուեցաւ թէ ուրիշը ներելն ու  հիւրընկալելը արքայական ճանապարհն է` խաղաղութեան կառուցումին ու մարդկային եւ ընկերային զարգացումին։ Այս առընչութեամբ պարզուեցաւ թէ միութեան եւ հաղորդութեան հոգիով Քրիստոնեայ զանազան Եկեղեցիները յանձնառու են, ի սպաս բնակչութեան ծառայութեան, զարգացնելով ու տարածելով հանդիպումի ու բաժնեկցութեան մշակոյթը։
Ի վերջոյ վերահաստատուեցաւ ` վերանորոգուած յոյսով ու փոխադարձ վստահութեամբ միասին քալելու ու աշխատելու տրամադրութիւնը , այն համոզումով թէ` դիմելով կրօնական սեփական աւանդութիւններու դրական արժէքներուն կարելի է յայտնաբերել ուղիներ գործնական կերպով համապատասխանելու այդ բնակչութեան խոր ձգտումներուն որ կը նախատեսէ ապահով կեանք ու աւելի լաւ ապագայ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.