2016-10-27 10:45:00

Ազատ ու անկախ լրագրութեան պայմանները:


«Հայոց պետականութիւնը՝ միասնութեան առանցք» խորագիրին տակ, Հոկտեմբեր 20ին սկսաւ Լրագրողներու 8րդ համաժողովը: Երեք օր Երեւանի եւ երկու օր՝ Ստեփանակերտի մէջ կայացող սոյն համաժողովը կազմակերպուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ՝ օժանդակութեամբը Հայաստանի լրագրողներու միութեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան եւ Համակարգող մարմինին: Վերոնշեալ չորսին մէջ, սփիւռքի նախարարութիւնը գլ-խաւոր դերակատարութիւնը ունեցողն է. ա՛ն է որ ծախսերը կը հոգայ եւ կազմակերպչական բոլոր պատասխանատուութիւնները յանձն կ՛առնէ: Տեղեկատուական պայքարը պետութիւններուն միջեւ շատ մեծ ծաւալներ ստացած է 21րդ դարուն: Լրատու միջոցները եւ լրատուական գործակալութիւնները պետութեան անկախութեան հիմնասիւներէն են, յատկապէս՝ հարուստ գերտէրութիւններու մէջ: Աղքատ պետութիւնները յաճախ ենթակայ են մեծերու քարոզարշաւին: Հայաստանը՝ իբրեւ աղքատ պետութիւն, Ատրպէյճանի հետ ռազմական բախումներուն կողքին նաեւ տեղեկատուական ու քարոզչական պատերազմի մէջ է անոր եւ Թուրքիոյ հետ: Ենթակայ է նաեւ մեծ պետութիւններու՝ ռուսա-ամերիկա-եւրոպական քարոզարշաւի ազդեցութեան:

Բաղդատած իր հարեւան կարգ մը երկիրներու, ինչպէս՝ Ատրպէյճան, Թուրքիա, Իրան… հայաստանեան լրատու միջոցները կը վայելեն որոշ ազատութիւններ, սակայն, անոնց ամավարկը կախեալ է կա՛մ պետութենէն, կա՛մ արտաքին կազմակերպութիւններու նպաստներէն:

Իսկ Սփիւռքը, որ բոլորովին ուրիշ լրատուական ընկերութիւններու բնատիպ ունի, կախեալ կը մնայ հայկական հովանաւոր կազմակերպութիւններէն, ըլլան անոնք կուսակցութիւն, կամ եկեղեցի, կամ բարեսիրական միութիւն: Անիկա դեռ կը յատկանշուի իր աւանդաբար պահպանած տպագիր մամուլով, ինչ որ հայաստանեան մեր գործընկերներուն քով գրեթէ վերանալու մօտ է:

Լրագրողներու այս երկու փաղանգներուն կողքին, Սփիւռքի մէջ կան գործող օտարախօս բազմաթիւ լրագրողներ ու խմբագիրներ, որոնք գրեթէ անհասանելի են Հայաստան աշխարհին, որովհետեւ կը ծառայեն օտար լրատու միջոցներու, որոնք հաստատութենական առումով՝ առնչութիւն չունին Հայաստանի կամ հայկական խնդիրներու քննարկումին հետ: Առաւել եւս, անոնք անհատապէս չեն մատչիր հայաստանեան համագումարներու մասնակցութեան՝ անընդունելի գտնելով պետական հովանաւորութեամբ լրագրողներու համագումար կազմակերպելու հանգամանքը:

Մէկ խօսքով, ըլլա՛յ Սփիւռքի տարածքին, ըլլա՛յ Հայաստանի մէջ՝ լրատու միջոցները կը մնան կախեալ այս կամ այն կառոյցէն՝ պետական կամ քաղաքական: Ահա այս պայմաններուն մէջ է, որ սկսած է Լրագրողներու 8րդ համաժողովը, որուն «Հայոց պետականութիւնը՝ միասնութեան առանցք» խորագիրը, որքա՛ն ալ ըլլայ հետաքրքրական՝ իբրեւ 25ամեայ պետութեան տարեդարձին նուիրուած համաժողովի նիւթ, կը մնայ ծամծմուած բնաբան՝ ըլլալով թերթերու տեւական մտասեւեռման առարկայ: Այսպիսով, համաժողովը, խմբագիրներու եւ լրագրողներու՝ իրարու հետ հանդիպման հաճոյքէն ու կարծիքներու ընդհանուր փոխանակումէն անդին երթալու շատ կարելիութիւններու դուռ չի բանար, պետականութեան ամրապնդումին չի ծառայեր, այնքան ատեն որ ան կը մնայ պետական հովանաւորութեան ենթակայ ու անոր քարոզչական նպատակներուն ծառայող: Լրատու միջոցները հետաքրքրական կը դառնան, երբ կ՛անկախանան:

Այլապէս, հայկական լրատու միջոցները իրարու հետ փորձառութեան փոխանակումի բազմաթիւ հարցեր ունին քննարկելիք, օրինակ՝ նոր ընթերցողներ գտնել, տեղեկատուական նորագոյն գիւտարարութեան ձեռքբերումները իւրացնել, ցանցահէններու յարձակումներէն պաշտպանուիլ, գովազդային դաշտը մշակել, եկամտաբեր ծրագիրներ յղանալ եւ տնտեսական անկախութիւն ձեռք բերելու միջոցներ որոնել, որոնց շնորհիւ կարելիութիւնը կ՛ունենան իրենց ամբողջական նպաստը բերելու պետականաշինութեան՝ խօսքի, մտածումի եւ գործելու ազատութեան ամրապնդումով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.