2016-10-26 11:27:00

Վատիկանի մէջ ՝՝Աղքատներու հետ եւ աղքատներու համար՝՝ խորագիրով համերգ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 12 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6,30-ին,  Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի կ՝ունենայ ՝՝Աղքատներու հետ եւ աղքատներու համար՝՝ խորագիրը կրող համերգ կատարողութեամբ Հռոմի թեմի երգչախումբին եւ ղեկավարութեամբ աշխարհածանօթ  Մաեսթրօ  Էննիօ Մորրիքոնէի, եւ Գերապայծառ Մարքօ Ֆրիսինային։

Համերգի նախաձեռնողներն են Նովա Օփերա Օնլուս կազմակերպութիւնը, Հռոմի թեմի երգչախումբը,  Քահանայապետական Նոր Աւետարանացումի խորհուրդի հովանաւորութեամբ։

Հոգեւոր երգերու համերգը տեղի կ՝ունենայ    Ողորմութեան Սուրբ Տարուան փակման ծիրէն ներս, նպատակ ունենալով աջակցիլ Ֆրանչիսկոս Պապի Յոբելինական եղբայրասիրութեան ծրագիրին՝   Ոուկանտաայի Մօրոթօ քաղաքին մէջ կառուցել նոր տաճար մը  ու  Պուրքինա Ֆազոյի մէջ դպրոց մը։

Համերգը  անվճար է­ եւ անոր  նուիրատուութեամբ ստացուած  հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի վերոյիշեալ բարեսիրական ծրագիրներուն իրականցման ։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.