2016-10-26 12:40:00

Ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Շուէտ կատարելիք առաքելական Ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերի կէսօրին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ , Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝  Տիար Կրեկ Պուրք, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 31 հոկտեմբերէն 1 նոյեմբեր, Շուէտ կատարելիք` համամիութենական բնոյթ ունեցող առաքելական ճամբորդութիւնը, ուր Սրբազան Քահանայապետը ներկայ պիտի գտնուի Վերանորոգ Լուտերական եկեղեցւոյ 500-րդ ամեակի ­ կաթողիկէներու եւ Լուտերականներուն  միասնական տօնակատարութիւններուն։

Մամլոյ ասուլիսի  ընթացքին  լրագրողներուն կողմէ ուղղուած հարցումներու  պատասխանեցին Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան զարգացման խորհուրդի  նախագահ՝ Կարդինալ Քուրթ Քոխը եւ Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան քարտուղար՝ Վերապատուելի Մարթին Ժունկը

Նշենք թէ, 31 հոկտեմբերին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ կը մեկնի Շուէտի Լունտ քաղաք,  ուր Լուտերական Համաշխարհային դաշնակցութիւնը եւ Կաթողիկէ եկեղեցին  համամիութենական միասնական յիշատակումով պիտի նշեն Վերանորոգ Լուտերական եկեղեցւոյ 5-րդ դարադարձը։       

Համամիութենական յիշեալ   միասնական յիշատակումը, լուսարձակի տակ պիտի առնէ , Կաթողիկէներու եւ Լուտերականներու միջեւ ձեռքբերուած   հաստատ  յաջողութիւնները ,  ինչպէս նաեւ երկխօսութենէ բխած փոխադարձ  ստացուած պարգեւները։








All the contents on this site are copyrighted ©.