2016-10-26 10:11:00

Մինսկի խումբի համանախագահներու Բարձրաստիճան հանդիպումները Հայաստանի մէջ:


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սար-գսեան, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 25 Հոկտեմբերին ընդունած են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Փիեռ Անտրէն (Ֆրանսա), Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ) ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը:

Զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին եւ առկայ խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Համանախագահները Հայաստանի նախագահին ներկայացուցած են այցելութեան ծիրին մէջ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի մէջ կայացած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Կարեւոր նկատուած է բանակցային գործընթացին մէջ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերող յանձնառութիւններուն կողմերուն հաւատարմութիւնը, Վիենայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարումը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան համանախագահներուն ներկայացուցած է բանակցային գործընթացի ռազմաքաղաքական տուեալները եւ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակը:

Նախարար Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ ապրիլեան ռազմական գործողութիւններէն ետք ալ Ատրպէյճան կը շարունակէ ապակայունացնել իրավիճակը շփման գիծին մէջ, պարբերաբար աւելցնել կրակոցներուն քանակը, մեծցնել օգտագործուած զէնքերու տրամաչափը՝ պատճառելով նոր զոհեր։

Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ բանակցային գործընթացին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար Հայաստան կարեւոր կը նկատէ շփման գիծին մէջ զինադադարի անվերապահ պահպանումը եւ հակամարտ կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդումը:

Կողմերը կարծիքներ փոխանակած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիման վրայ բանակցային գործընթացը շարունակելու, դեսպան Ա. Քասփրչիքի գործառնական կարելիութիւնները ընդլայնելու ուղիներուն վերաբերեալ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման առնչուող շարք մը հարցերու։ Այս առումով, Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճան արդէն քանի մը ամիս է, որ կը մերժէ իրականացնել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովներուն նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ այդպիսով իսկ խոչընդոտելով բանակցային գործընթացի յառաջդիմութեան նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծումը:

Նալբանդեան շեշտած է, որ, հակառակ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու բազմաթիւ կոչերուն՝ զերծ մնալու առաւելապաշտական եւ սադրիչ հռետորաբանութենէն եւ գործողութիւններէն, Պաքուն կը շարունակէ այդ գործելաոճը, որուն թարմ ապացոյցն են վերջին օրերուն բանակցային գործընթացի էութիւնը եւ ոգին խեղաթիւրող Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները, որոնք ամբողջովին վնասակար են բանակցային գործընթացին համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.