2016-10-26 12:06:00

Հրադադարի պահպանումը անհրաժեշտ հիմք է բանակցութիւններուն համար.ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներ


ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Փիեռ Էնտրիու (Ֆրանսա) եւ Ճէյմս Ուորլիք (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկ յայտարարութիւն տարածած են Հոկտեմբեր 23- 25 տարածաշրջան կատարած իրենց այցի արդիւնքներուն վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն ԵԱՀԿ-ի գրասենեակէն:

Համանախագահները հանդիպած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն, ՀՀ նորանշանակ պաշտպանութեան նախարարին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ: Այցի նպատակը ապրիլեան աննախադէպ բռնութիւններէն ետք ստեղծուած իրադրութեան քննարկումն էր եւ բանակցային գործընթացի մէջ դիրքորոշման յստակեցումը:

Հանդիպումներու ժամանակ կողմերը հաստատած են, որ իրավիճակը յարաբերական հանգիստ է: Համանախագահներւ ընդգծած են, որ հրադադարի պահպանումը կ՛ապահովէ ընթացող բանակցութիւններու անհրաժեշտ հիմքը եւ կարեւոր համարուած է Վիեննայի ու Ս․Փեթերզպուրկի մէջ ընդունած որոշումներու լիակատար իրականացումը:

Համանախագահները նաեւ քննարկած են ներկայ աշխատանքային առաջարկները` հասնելու առարկայական բանակցութիւններու յանուն տեւական խաղաղութեան: Նախագահներէն իւրաքանչիւրը արտայայտած է իր տեսակէտը, թէ ինչպէս առաջ տանիլ կարգաւորման գործընթացը: Նախագահները նաեւ վերահաստատած են համաձայնութիւնը ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակի ընդլայնման ուղղութեամբ, եւ գործնական մանրամասնութիւնները դեռ կը շարունակուին քննարկուիլ:

 

Համանախագահներըկը ծրագրեն հանդիպիլ արտաքին գործոց նախարարներուն 2016 թուականի Դեկտեմբերին Համբպուրկի մէջ ԵԱՀԿ նախարարական խորհրդաժողովի ժամանակ` քննարկելու ամենաշուտ ժամանակի մէջ նախագահներու հնարաւոր հանդիպումը: Ամենաբարձր մակարդակով նման երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է կարգաւորման հարցով յառաջընթաց արձանագրելու նպատակով: Տարածաշրջանային այցի ժամանակ համանախագահները նաեւ հանդիպած են «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէ»-ի հետ` քննարկելու այն աշխատանքը, զոր կազմակերպութիւնը կ՛իրականացնէ կորսուած անձերու մասին տեղեկատուութեան փոխանակման ուղղութեամբ. Մարդասիրական քայլ, որուն համանախագահները բոլոր մակարդակի հանդիպումներու ժամանակ յայտնած են իրենց լիակատար աջակցութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.