2016-10-26 12:00:00

''Այդ կինը կը ճանչնար պանդխտութեան ցաւը որովհետեւ հայկական արիւն ունէր''. Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 26 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու շարունակելով ողորմածութեան ներգործութիւններու մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց ''Պանդուխտները ընկալելու ու մերկերը զգեստաւորելու'' ողորմութեան գործերու մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր  բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները ողորմութեան մարմնային ներգործութիւններու մասին զոր Տէրը Յիսուս մեզի յանձնեց որպէսզի միշտ վառ պահենք ու աշխուժացնենք մեր հաւատքը։ Այս ներգործութիւնները արդարեւ ակնյայտ կը դարձնեն այն իրողութիւնը թէ քրիստոնեաները ամէն օր կ՛ընթանան Տիրոջ հետ հանդիպումի ուղղութեամբ, անոր դիմագիծը նկատելով բազմաթիւ կարիքաւոր եղբայրներու մէջ, առանց վհատելու ու յոգնելու Տիրոջ հետ վերջնական հանդիպումի սպասումը ապրելէ։

Այսօր` ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, պիտի անդրադառնանք Յիսուսի այս խօսքին. ''Պանդուխտ էի ու հիւրընկալեցիք զիս, մերկ էի զգեստաւորեցիք զիս (Մատթ. 25, 13-15)''։

Աւելի քան երբեք մեր ներկայ օրերուն օտարականներուն հայող գործընթացը այժմէական է։ Տնտեսական տագնապը, զինեալ հակամարտութիւնները ու կլիմայական փոփոխութիւնները մարդիկը կը մղեն գաղթականութեան։

''Այսուամենայնիւ գաղթականութեան երեւոյթը նորոյթ մը չէ այլ մաս կը կազմէ մարդկային պատմութեան'' յարեց Սրբազան Պապը ու մատնանշեց Աստուածաշունչի մէջ նշուած պանդխտութեան բազմաթիւ իրականութիւններուն` սկսեալ Աբրահամի կոչումէն որով Աստուած զայն մղեց հեռանալու իր երկրէն ու ընթանալու դէպի աւետեաց երկիր։ Նոյնպէս եղաւ պարագան Իսրայէլի ժողովուրդին որ Եգիպտոսէն ուղղուեցաւ դէպի Աստուծմէ խոստացած երկիր։ Այնպէս ինչպէս պատահեցաւ նաեւ Սուրբ ընտանիքին` Մարիամ, Յովսէփ ու Մանուկ Յիսուսը որոնք պարտաւորուեցան փախչիլ Հերովդէսէն ու ապաստան գտնել Եգիպտոսի մէջ։

''Մարդկութեան պատմութիւնը արդարեւ պանդխտութեան պատմութիւն է'' ըսաւ Սրբազան Պապը ու ակնարկեց դարերու հոլովոյթին այդ պանդուխտներուն տրուած օգնութիւններուն ու զօրակցութեան արտայայտութիւններուն ինչպէս նաեւ այսօրուայ աշխարհին մէջ տնտեսական տագնապի բերումով յառաջացած փակումի եւ ոչ ընդունելութեան վերաբերմունքին։

Աշխարհի զանազան վայրերու մէջ կը բարձրանան պատնէշներ ու պատեր թէեւ փակումը լուծում մը չէ այլ դիւրացում քրէական վաճառականութեան յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատեց թէ ''միակ լուծումն ու ճանապարհը կը մնայ զօրակցութիւնը։ Զօրակցութիւն գաղթականին, զօրակցութիւն պանդուխտին''.

Այսօր եւս կարիք ունինք վկայութիւններու որպէսզի ողորմութիւնը հասնի բոլոր անոնց որոնք կարիքի մէջ են - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ այս մէկը յանձնառում մըն է որ կը հայի բոլորին` թեմեր, ժողովրդապետութիւններ, կրօնական կառոյցներ, կազմակերպութիւններ ու շարժումներ ինչպէս նաեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ, բոլորն ալ կանչուած են ընկալելու եղբայրները ու քոյրերը որոնք կը փախչին պատերազմէն, անօթութենէն, բռնութենէն ու տմարդկային կեանքի իրականութենէն։

Ամէնքս միասին մեծ ներուժ մը կը կազմենք նեցուկ ըլլալու անոնց որոնք կորսնցուցին հայրենիք, ընտանիք, աշխատանք ու արժանապատուութիւն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու մէջբերեց մի քանի օրեր առաջ պատահած մէկ դրուագ մը. փախստական մը ճանապարհը կորսնցուցած էր, կին մը անոր կը մօտենայ հարց տալով եթէ բանի պէտք ունի։ Փախստականը բոպիկ էր ու կնոջ կ՛ըսէ թէ կ՛ուզէ Սուրբ Պետրոս երթալ ու Սուրբ Դուռէն մտնել։ Կինը տեսնելով անոր կացութիւնը ''թաքսի'' մը կը կանչէ ու անոր հետ միասին կ՛ուղղուի դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, հակառակ որ սկիզբը վարորդը չէր ուզեր այդ գարշահոտ պանդուխտը իր ինքնաշարժին մէջ ընդունիլ։ Երբ անոնք կ՛ուղղուէին դէպի Սուրբ Պետրոս փախստականը կնոջ պատմեց իր գաղթականի ու պանդուխտի, տառապանքի, ցաւի, պատերազմի ու անօթութեան պատմութիւնը ու երբ ժամանեցին սուրբ Պետրոս տիկինը ուզեց փոխադրական սպասարկութեան վճարումը կատարել սակայն վարորդը մերժեց այդ մէկը ու ըսաւ. ''ոչ տիկին ես եմ որ ձեզի պարտական եմ որովհետեւ ունկնդրեցի պատմութիւն մը որ իմ սիրտս փոխակերպեց''։

Այդ տիկինը գիտէր թէ ինչ ըսել է պանդուխտի տառապանքը, որովհետեւ հայկական արիւն ունէր ու ճանչցած էր իր ժողովրդին ցաւը եւս - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց խոկալ այս պատմութեան մասին ու մտածել թէ ի՞նչ կարելի է ընել պանդուխտներուն համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ մերկը զգեստաւորելու մասին ու անոնց վերադարձնելու կորսուած արժանապատուութիւնը ու այս առնչութեամբ ակնարկեց նաեւ այլ մերկութիւններու` ինչպէս կիներու չարաշահումը ու մանուկներու մարդավաճառութիւնը, ապա աշխատանքի, տունի ու արդար վարձատրութեան պակասի մերկութիւնը­, կամ ցեղի մը ու հաւատքի մը պատկանելիութեան բերումով հարստահարումի մերկութիւնը։ Այս բոլորին առջեւ, ըսաւ Ան, քրիստոնեան կանչուած է ուշադիր ըլլալու, հսկելու ու պատրաստակամ` գործի լուծուելու։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին, չիյնանք մենք մեր մէջ փակուելու թակարդին մէջ, անտարբերութիւն ցուցաբերելով մեր եղբայրներու կարիքներուն ու մտածելով միայն մեր շահերուն։

Մեր կեանքը պտղաբեր կը դառնայ ու ընկերութիւնները ձեռք կը բերեն խաղաղութիւնը եւ մարդիկ կը վերագտնեն իրենց կայուն արժանապատուութիւնը այն չափով որ մենք կը բացուինք ուրիշներուն։

Մի մոռնաք այդ կինը, մի մոռնաք այդ պանդուխտը որ գարշահոտ էր ու մի մոռնաք այդ վարորդը որուն սիրտը փոխակերպուեցաւ այդ գաղթականին միջոցաւ։ Շնորհակալութիւն։

Նորին Սրբութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները, յատուկէն ողջունելով հիւանդները, երիտասարդներն ու նորապսակները  հրաւիրելով զանոնք աղօթելու սուրբ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը որ ''հոգին սփոփող պարզ աղօթք մըն է'' ըսաւ Ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.