2016-10-26 09:55:00

«Թուրքիան վերածուած Է մամուլի գերեզմանոցի».Ժամանակակից Լրագրողներու միութիւն


 «Ժամանակակից լրագրողներու միութեան» Անգարայի ներկայացուցչութիւնը հրապարակած է Թուրքիոյ մէջ եռամսեայ արտակարգ դրութեան ընթացքին թրքական լրատուադաշտի իրավիճակին վերաբերող զեկուցում մը:

Թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի կայքին համաձայն, նշեալ ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են 184 լրագրողներ, որոնցմէ 56-ը բանտարկուած է, փակուած են 116 լրատուական ծառայութիւններ, անվաւեր նկատուած են 620 այսպէս կոչուած «մամուլի լրագրական դեղին քարտ»-եր եւ խորհրդարանական նիստերուն մասնակցութեան իրաւունք տուող լրագրական 32 քարտեր:

«15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք, Թուրքիան վերածուած է մամուլի գերեզմանոցի: Անցեալ երեք ամսուան ընթացքին արգելափակուած է 8 հրապարակուած լուրի հասանելիութիւնը, 2 իրադարձութեան վերաբերեալ լուսաբանման արգելք սահմանուած է, ընթացած է 22 դատական գործ եւ հետաքննութիւն, յարուցուած է 6 նոր դատական գործ», կը գրէ աղբիւրը:

Զեկուցումին համաձայն, նոյն ժամանակաշրջանին փակուած է 2 լրատուական կայք, անվաւեր ճանչցուած է 24 հրատարակման արտօնագիր, որոշում տրուած է 2 օրաթերթի հրատարակումը կասեցնելու վերաբերեալ, փակուած է 29 տպագրատուն, արգիլուած է 1 երգիծական ամսագիրի տարածումը, 3 մամուլի կեդրոններու դէմ ոստիկանական գործողութիւն իրականացուած է, 866 լրագրող հեռացուած է աշխատանքէ: Բացի ատկէ, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի ալիքներու, ինչպէս նաեւ լրատուական կայքերու փակման պատճառով գործազուրկ դարձած է 750 լրագրող:








All the contents on this site are copyrighted ©.