2016-10-25 11:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 25 հոկտեմբերի քարոզը ՝ ՝Աստուծոյ արքայութիւնը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբերին, Սուրբ Պատարագի Աւետարանի ընթերցումը կը ներկայացնէ Յիսուսի պատմած առակը՝ Աստուծոյ արքայութեան մասին։ Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ Յիսուս Աստուծոյ արքայութիւնը կը նմանցնէ մանանեխի հատիկի եւ թթխմորի (Ղուկ ԺԳ. 18-21)։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ առաւօտեան Սուրբ Պատարագը մատոյց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, մեկնաբանեց Յիսուսի յիշեալ առակները, ըսելով, թէ Տէրը մեզմէ կը պահանջէ, որ ըլլանք հլու՝ որպէսզի Աստուծոյ արքայութիւնը աճի։
Աստուծոյ արքայութիւնը անփոփոխելի կառոյց մը չէ, ան տեւապէս շարժումի մէջ է։ Այս է Յիսուսի պատգամը։ Պէտք է զգուշանալ, որ Աստուծոյ արքայութիւնը չնկատենք այնպէս ինչպէս երբեմն կը նկատենք օրէնքը՝ իբր չոր ու կարծր կառոյց մը։
Յիսուս, առօրեայ պատկերներով կը ներկայացնէ Աստուծոյ արքայութիւնը, ինչպէս թթխմորը։ Թթխմորը կը խմորէ ալիւրը, ան կ՝աճի, կը փոխուի, շարժման մէջ է։ Ապա մանանեխի սերմը՝ չի մնար սերմ, այլ կեանքի կը վերածուի, կը մեռնի՝ կեանք տալով։
Որպէսզի մեր մէջ ալ աճի Աստուծոյ արքայութիւնը, պէտք է ըլլանք հլու Սուրբ Հոգիին, հլու՝ Անոր ուժի ներգործութեան, ինչպէս ալիւրը թոյլ կու տայ որ թթխմորը փոխէ զինք եւ վերածէ հացի։
Այն անհատը որ կարծր է ու անթեք՝ գլխուն վրայ ունի միայն պետ մը կամ տէր մը։ Մինչ հլու անհատին համար՝ Աստուած հայր է։
Սրբազան Պապը իր քարոզի աւարտին ըսաւ՝ «այսօր ժամանակն է Սուրբ Հոգիէն խնդրելու հլութեան շնորհքը։ Շատ անգամ մենք հլու ենք մեր քմահաճոյքներուն, մեր դատաստաններուն։ Այսպէսով չ՝աճիր Աստուծոյ արքայութիւնը, չենք աճիր եւ մենք։ Սուրբ Հոգիին հանդէպ մեր ունեցած հլութիւնը մեզ պիտի աճեցնէ եւ փոխակերպէս, ինչպէս թթխմորը եւ սերմը։ Թող Տէրը մեզի բոլորիս շնորհէ այս հլութեան շնորհքը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.