2016-10-25 10:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունած Է Վենեզուելլայի հանրապետութեան նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասնեակը, 24 հոկտեմբերի երեկոյեան, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը,որուն մէջ տեղեկացուց,թէ երկուշաբթի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունած է եւ առանձնական հանդիպում ունեցած է Վենեզուելլայի հանրապետութեան նախագահ ՏիարՄատուրօ Մորոսին հետ։
Հանդիպումին նիւթը  եղած է երկրի մտահոգիչ՝ քաղաքաքան, ընկերային , տնտեսական  վիճակը ,որուն հետեւանքը    ծանրապէս  կ՝ապրի  Վենեզուելլայի համայն ժողովուրդը իր  առօրեայ կեանքին մէջ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ սրտանց կը ցանկայ վենեզուելլացի ժողովուրդին բարիքը։ Ան բաղձանք յայտնած է շարունակելու իր նպաստը բերել ի շահ երկրի պետութեան ինչպէս նաեւ այն բոլոր ծրագիրներուն, որոնք կը նպաստեն լուծելու առկախ հարցերը եւ ստեղծել երկու կողմերու միջեւ աւելի վսատահելի յարաբերութիւն։։
Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրած է քաջութեամբ ձեռնարկել երկխօսութեան՝ անկեղծ, կառուցողական ուղին, ամոքելու համար ժողովուրդին վիշտերը՝ առաջին կարգին դնելով աղքատները, եւ զարգացնել ընկերային հաւասարակշիռ վերանորոգ մթնոլորտ, որ կը թոյլատրէ  յոյսով նայիլ ազգին ապագային։








All the contents on this site are copyrighted ©.