2016-10-25 10:09:00

Մոսկուա. «Հալէպի մէջ մարդասիրական զինադադարը վերջ գտաւ»:


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հալէպի մէջ զինադադարի աւարտը յայտարարեց` աւելցնելով, որ Մոսկուա ներկայիս անոր վերականգնումին հարցը չի քննարկեր, իսկ այդ հարցը կախեալ է սուրիական զինեալ ընդդիմութեան գետնի վրայ վարմունքէն:

Ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնած է, որ Հալէպի մէջ զինադադարը աւարտած է շաբաթ, 22 հոկտեմբերին, եւ Մոսկուա ներկայիս անոր վերականգնումը չի քննարկեր:

Ռիապքով նշած է, որ զինադադարի երկարաձգումը կախեալ է սուրիական զինեալ ընդդիմութեան գետնի վրայ դրսեւորած արարքներէն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Սուրիոյ մէջ մարդասիրական զինադադարը դարձեալ յայտարարելու համար անհրաժեշտ է, որ ընդդիմութեան պատշաճ վերաբերմունքը երաշխաւորուի»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտարարեց, որ այն ինչ տեղի կ՛ունենայ Հալէպի մէջ, ո՛չ մարդասիրական զինադադարին, ո՛չ ալ ընդհանրապէս տագնապի լուծման կը նպաստէ:

«Բոլոր այս օրերուն շարունակուած են հսկիչ անցակէտերու գնդակոծումները, ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումները այն հիմնական ճամբաներուն վրայ, որոնց ճամբով հաւանական է մարդասիրական բեռներու տեղափոխումը, նախ եւ առաջ Քասթելլոյի վրայ», ըսաւ Փեսքով:

«Այդ ամէնը, բնականաբար, խիստ կը դժուարացնէ, եթէ չըսենք անկարելի կը դարձնէ մարդասիրական շարասիւներու ձեւաւորումը», աւելցուց ան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբերը նաեւ ըսաւ. «Առայժմ ատիկա ոչ ոք կը յաջողի կատարել, ներառեալ անոնք, որոնք այդպիսի պարտաւորութիւններ ստանձնած են, այդ ամէնը ո՛չ զինադադարներուն, ո՛չ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու հոլովոյթին, ո՛չ ալ տագնապի լուծման կը նպաստէ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.