2016-10-25 12:00:00

Հինտուներու Տիփավալի տօնին առիթով ՝ Միջկրօնական երկխօսութեան Խորհուրդի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդը պատգամը մը ուղղած է հինտու կրօնքի հաւատացողներուն, անոնց Տիփավալիի տօնին առիթով։
Շնորհաւորական գիրը, որ բովանդակուած է վեց կէտերու մէջ, կը մաղթէ, որ հինտուներու այս մեծ տօնը ուժեղացնէ ընտանեկան կապերը եւ շնորհէ ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն բոլոր ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններուն։

Պատգամը կը նկատէ, թէ առողջ ընկերութիւն մը կախեալ է ընտանեկան կապերէ, որուն իմաստը եւ էական արժէքը այսօր սպառնալիքի տակ է՝ նկատի ունենալով յարաբերականութեան մթնոլորտը, պատերազմներ եւ գաղթականութիւն։ Կարենալ դիմագրաւելու համար այս սպառնալիքը՝ կարեւոր է կրօնքներու միասնական աշխատանքը։
Ընտանիքը մարդու առաջին դպրոցն է, եւ ծնողները իրենց զաւակներուն առաջին դաստիարակներն են։ Ընտանիքին մէջ է, որ կը կազմաւորուին արժէքները՝ կերտելով անհատը իբր բարի եւ պատասխանատու մարդկային էակ։
Պատգամը, յիշեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապի յորդորը, կը նշէ, թէ կազմաւորել յոյսը եւ դաստիարակել յոյսի մէջ, հիմնական կարեւորութիւն ունեցող պարտականութիւն մըն է ընտանիքին համար։ Մինչ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետ կը հաստատէր՝ թէ «Մարդկութեան ապագան կʼանցնի ընտանիքի ճանապարհով»։ Որպէսզի մարդկութիւնը բարգաւաճի եւ խաղաղութեամբ ապրի, ընտանիքները պէտք է աշխատանք տանին մշակելու յոյսը իրենց զաւակներու սրտերուն մէջ եւ քաջալերել զանոնք՝ որ ըլլան յոյսի աւետարանողներ։
Շնորհաւորագիրի աւարտին կոչ կʼուղղուի, որ քրիստոնեաներ եւ հինտուներ, միասնաբար նեցուկ կանգնին ամուսնութեան եւ ընտանիքի կառոյցին, առաջնորդելով ընտանիքները՝ որ ըլլան յոյսի դպրոցներ։ Ապա կը յորդորէ՝ «Յոյսի լոյսը տանի՛նք աշխարհի բոլոր անկիւնները, մխիթարութիւն եւ ուժ մատուցանելով բոլոր կարիքաւորներուն։»








All the contents on this site are copyrighted ©.