2016-10-24 12:30:00

Ֆրանչիսկսո Պապի 24 հոկտեմբերի քարոզը ՝՝Խստութիւնը, կարծրասրտութիւնը Աստուծմէ չեն՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, 24 հոկտեմբերի առաւօտեան տուած քարոզին նիւթ ըրաւ օրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցուածը, ուր Ղուկաս Աւետարանիչ կը պատմէ հիւանդ կնոջ հրաշալի բուժումի մասին (Ղուկ ԺԳ. 10-17)։ Ժողովարանի պետը կը զայրանայ, որովհետեւ Յիսուս շաբաթ օրով կատարած էր հրաշքը։ Յիսուս խիստ յանդիմանութիւն կու տայ, զայն անուանելով “կեղծաւոր”։ Յիսուս ստէպ կը յանդիմանէ այդպիսի անհատներ, որոնք օրէնքի գերիներն էին։ Օրէնքը չէ եղած՝ մեզ ստրկացնելու համար, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, այլ որպէսզի մեզի ազատութիւն շնորհէ, որպէսզի մեզ Աստուծոյ որդիներ ընէ։

Սրբազան Հայրը հաւատացեալներու ուշադրութեան յանձնեց, թէ Աստուծոյ պարգեւներն են՝ հեզութիւն, բարութիւն, բարեացակամութիւն, ներողամտութիւն։ Մինչ խստութիւնը, կարծրասրտութիւնը Աստուծմէ չեն։ Խստութեան ետին անպայման թաքուն բան մը կայ։ Եթէ անհատ մը կարծրասիրտ է, ուրեմն ունի ծածկելու բան մը, եւ շատ մը պարագաներու այդ անհատը կը վարէ երկու տարբեր կեանք։ Այդ խստութիւնը կրնայ նաեւ հիւանդագին բան մը ըլլալ։ Խիստ անհատները շատ կը տառապին։ Անոնք չեն յաջողիր ունենալ Աստուծոյ զաւակներու ազատութիւնը։ Չեն գիտեր ինչպէս ընթանալ Տիրոջ օրէնքներուն մէջ, եւ երջանիկ չեն։ Բարի կ’երեւին, որովհետեւ կը հետեւին օրէնքին. սակայն չարիքը թաքնուած է անոնց մէջ. կեղծաւոր են եւ հիւանդ։ Դիւրին բան չէ Տիրոջ օրէնքով ընթանալ. այդ շնորհք մըն է, որ պէտք է խնդրենք Աստուծմէ։

Սրբազան Հայրը յիշեցնելով անառակ որդիի առակը, յարեց, թէ երէց որդին բարի կը նկատուէր։ Սակայն այդ բարի երեւոյթը յառաջ կու գար անոր ամբարտաւանութենէն։ Անառակ որդին իր ամենէն նեղ պահուն կը դիմէ հօր։ Մինչ երէց որդին հօր մէջ կը տեսնէր միայն տէր մը. խիստ էր այդ որդին, կը մնար հաւատարիմ օրէնքի։ Անառակ որդին կը լքէ օրէնքը, կ’ընթանայ օրէնքին հակառակ, սակայն կը վերադառնայ հօր, եւ ներում կ’ընդունի։

Ֆրանչիսկոս Պապ փակեց իր քարոզը ըսելով “Աղօթենք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որոնք կը կարծեն՝ թէ Տիրոջ օրէնքի ճանապարհէն ընթանալ, կը նշանակէ ըլլալ խիստ։ Թող Տէրը անոնց զգալ տայ, թէ Հայր է եւ կը սիրէ ողորմածութիւնը, քնքշութիւնը, բարութիւնը, հեզութիւնը եւ խոնարհութիւնը։ Թող Տէրը մեզի բոլորիս սորվեցնէ այս կեցուածքով ընթանալ Իր օրէնքին մէջ։”








All the contents on this site are copyrighted ©.