2016-10-24 09:40:00

Վատիկանը եւ Վիեթնամի հանրապետութիւնը կը շարունակեն իրենց դիւանագիտկան մերձեցման ճիգերը


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկան-Վիեթնամ աշխատանքային խմբակը  կը հանդիպի Վատիակնի մէջ, խորացնելու համար երկու երկիրներու յարաբերութիւնները։ Այս վեցերորդ հանդիպումը պիտի տեւէ երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերէն մինչեւ չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր։ Սուրբ Աթոռը կը ներկայացնէ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի երկրորդ քարտուղարը՝ Անթուան Քամիլլերի. իսկ Վիեթնամի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ արտաքին գործոց փոխ նախարար Պուի Թանհ Սոն։
Վիեթնամը 1975ի պատերազմէն վերջ խզած էր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Վատիկանի հետ։ 90ական թուականներէն սկսեալ երկու կողմերն ալ տարեկան հանդիպումներով կը քննարկեն հիմնական խնդիրներ, ինչպէս՝ եպիսկոպոսներու անուանումներ կամ կղերանոցներու ժառանգաւորներու թիւի սահմանափակումը։ 2011ի վերջը, Վատիկանը, տարիներ վերջ կրկին անուանած էր յատուկ պատուիրակ մը՝ յանձին Արքեպիսկոպոս Լէոփոլտօ Ճիրելլիի, որ չէ հաստատուած Վիեթնամի մէջ, այլ միայն երբեմն կʼայցելէ երկիրը։
Հանրապետութեան 90 միլիոն բնակիչներէն 6-7 միլիոնը արձանագրուած են իբր քրիստոնեաներ։ Կաթողիկէները, 26 թեմերով եւ ժողովուրդի 7 տոկոս հաշուող քանակով, մեծագոյն քրիստոնեայ եկեղեցին են Վիեթնամի մէջ։
Նկույըն Քսուան Փուք, Վիեթնամի վարչապետն է տարւոյս ապրիլ ամիսէն ի վեր։ Ֆրանչիսկոս Պապ, 2014 թուականին, ընդունած էր անոր նախորդը՝ Նկույէն Թան Տունկ, Վատիկանի մէջ։ Այդ ժամանակ, հանդիպումը նկատաուած էր իբր «կարեւոր քայլ» մը՝ երկկողմանի լաւագոյն յարաբերութիւններու ճանապարհին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.