2016-10-24 10:18:00

Բակօ Սահակեան ընդունեց լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին մասնակիցները:


Հոկտեմբեր 22-ին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը կրող Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին մասնակիցները:

Ողջունելով Սփիւռքէն Արցախ գտնուող հիւրերը` նախագահ Սահակեան նշեց, որ համաժողովին ընթացքին քննարկուող նիւթերը շատ կարեւոր են, հետաքրքրական եւ հրատապ` տեղեկատուական մարզը որակելով Լեռնային Ղարաբաղի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող մարզ:

«Ներկայ դրութեամբ տեղեկատուական մարզին մէջ աւանդական գերխնդիրներուն զուգահեռ կը ծագին նորանոր առաջադրանքներ եւ կատարելիք աշխատանքներ: Այս բոլորը կը պահանջէ համապատասխան քաղաքականութեան իրականացում տեղեկատուական դաշտին մէջ, սերտ համագործակցութիւն Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի լրագրողներուն ու լրատուական հատուածներուն միջեւ», ըսաւ նախագահ Սահակեան:

Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Հայաստանի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներուն ունեցած դերակատարութեան` շեշտելով, որ անոնք հանդիսացան այն կռուանները, որոնց միջոցով կարելի եղաւ ջրել ատրպէյճանական ապատեղեկատւութիւնը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին` համաժողովի մասնակիցները ընդունելուն համար եւ ըսաւ, որ Արցախի մէջ անցուցած օրերը նոր ուժ ու լիցք պիտի հաղորդեն սփիւռքահայ լրագրողներուն, որոնք, վերադառնալով իրենց երկիրներ, պիտի շարունակեն ամէն ինչ ընել յանուն Արցախին, Հայաստանին եւ հայ ազգին:

«Այսօր մենք պատերազմական իրավիճակ կ՛ապրինք: Պատերազմը ունի ռազմական, դիւանագիտական, տնտեսական եւ լրատուական բնոյթ: Դուք այն  զինուորներն էք, որոնք անդամագրուած են իրական ու վըրչուըլ դաշտին եւ  կը պայքարիք այդ տարածքին մէջ, նաեւ այս սահմաններէն դուրս: Դուք ձեր սահմաններուն մէջ կը պայքարիք, որ Արցախի խնդիրը իր արդարացի հանգուցալուծումը ստանայ: Կը պայքարիք մեր ժողովուրդին անկախութեան եւ ինքնորոշման համար, կը ջանաք Հայ դատը եւ հայկական իրականութիւնը ներկայացնել ձեր երկիրներու քաղաքական իշխանութիւններուն եւ հասարակութեան», ըսաւ նախարար Յակոբեան:

Հանդիպման աւարտին նախագահ Սահակեան պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին տեղեկատուական մարզին, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, Լեռնային Ղարաբաղի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.