2016-10-24 12:20:00

՝՝Ողորմածութեան ովկիանոսը՝ ընդդէմ ատելութեամբ զեղուն գետին։՝՝ Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան )Կ՝ապրինք  ծանրակշիռ պահեր, մաս մաս կատարուած համաշխարհային պատերազմի պահեր, սակայն՝ ատելութեամբ եւ բռնութեամբ լեցուած  գետը, ոչինչ կրնայ ընել աշխար հողող ողորմածութեան ովկիանոսին դէմ ։

Այս եղած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խօսքը ՝՝Մի վախնար ներելէ՝՝  տիտղոսը կրող Հայր Լուիս Տրիի գրքի նախաբանին մէջ։  Հայր Տրի եղած է հոգեւոր հայր եւ մտերիմ բարեկամ  գերապայծառ Պերկոլիոյի, երբ ան առաջնորդ էր  Պուենոս Այրեսի թեմին։ Գիրքը լոյս պիտի տեսնէ 25 հոկտեմբեր, 2016-ին։

Խօսելով Հայր Լուիս Տրիի մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ կը յիշէ անոր՝  խոստովանարանին մէջ անցուցած երկար ժամերը, ապաշխարողներուն ձեռքը համբուրելու ժեսթը, ինչպէս նաեւ  ունեցած խղճահարութիւնը, շատ ներում շնորհած  ըլլալուն հետեւանքով։

Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին դիմաց, Հայր Լուիս ինք եւս ներում կը խնդրէր Քրիստոսէն, ներողամտութեամբ շատ արձակում տուած ըլլալուն պատճառով, ինչպէս Սուրբ Լեոփոլտօ Մանտիչ, որ Յիսուսի կը դիմէր ըսելով՝ ներելու մէջ քեզմէ գէշ օրինակ առած եմ։

Այսօր՝ գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ, յոյժ կարիք կայ   որդեգրելու Հայր Լուիսի կեցուածքը, որովհետեւ ապաշխարողին՝ ըլլայ ան սովորական խոստովանող, կամ առիթներու եւ պարագաներու բերումով խոստովանող,  հարկ է զգացնել տալ Մեր Աստուծոյ ողորմածութեան ողջագուրումը։ Աստուծոյ ծրագիրներուն մէջ ոչ մի բան պարագայական է,  գրած է  նորին սրբութիւնը, աւեցնելով՝ “Աստուած մեզ կը կանխէ, մեզի կը  սպասէ եւ մեզ կ՝ընդունի։”

Ֆրանչիսկոս Պապ, գիրքի նախաբանին մէջ կը վերահաստատէ, թէ բեկոր բեկոր կատարուած համաշխարհային պատերազմի մէջ , զոր կ՝ապրինք,  իւրաքանչիւր բարեկամութեան նշան, իւրաքանչիւր խորտակուած պատնէշ, իւրաքանչիւր հաշտութիւն, նոյնիսկ եթէ  անոնք աղմուկ չեն յառաջացներ,  սահմանուած են գործելու ընկերային կեանքի մէջ, ընտանիքէն մինչեւ պետութիւններու յարաբերութիւններու մէջ։

՝Ի հեճուկս ատելութեամբ զեղուն գետին՝ մխրճուինք ողորմածութեան ովկիանոսին մէջ եւ վերանորոգուինք, ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.