2016-10-23 13:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Հրեշտակ Տեառն աղօթքն ու խորհրդածութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 23 հոկտեմբերի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, հազարաւոր ուխտաւոներու ներկայութեամբ,   Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, աւանդութեան համաձայն առաքելական պալատի գրաենեակի պատուհանէն կատարեց խորհդրածութիւն մը ապա արտասանեց Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքը։
Սրբազան Հայրը իր կատարած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումին վրայ՝Պօղոս Առաքեալի Տիմոթէոի ուղղուած թուղթէն (հմմտ Բ. Տիմ Դ. 6-18), ուր առաքեալը կը խօսի իր առաքելութեան վերջին հանգրուանին մասին եւ զայն կը նկարագրէ ներկայի, անցեալի եւ ապագայի ժամանակներու մէջ։
Սուրբ Պօղոս ներկան կը մեկնաբանէ զոհողութեան պատկերով ՝՝Ահաւասիկ ես արդէն ընծայուած եմ եւ հասած է մեկնելու ժամս (Բ. Տիմ Դ. 6)։
Իսկ անցեալի մասին խօսելով, Սուրբ Պօղոս իր ապրած կեանքը կը նկարագրէ  բարի պայքարի եւ վազքի պատկերներով։ Ան կը ներկայանայ իբր   մարդ մը, որ  միշտ հետեւողական եղած է իր գործունէութեան եւ  իր  պատասխանատուութիւններուն մէջ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի  ապագայի՝ ան կը վստահի Աստուծոյ շնորհքին որ բարի դատաւոր է։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ Սուրբ Պօղոսի առաքելութիւնը արդիւնաւետ, ¬արդար եւ հաւատարիմ եղաւ՝ լոկ Տիրոջ շնորհքի զօրութեամբ, որ զինք կոչեց իբր աւետարանի քարոզիչ՝ բոլոր ժողովուրդներուն։
Սուրբ Պօղոսի կենսագրականի հատուածին  մէջ կը ցոլացուի եկեղեցին , յատկապէս այսօր՝  համաշխարհային միսիոնարական օրուան մէջ, որուն նիւթն է՝ «Միսիոնարական եկեղեցին, ողորմութեան վկայ»։
Սուրբ Պօղոսի մէջ, քրիսոնեայ հասարակութիւնը կը գտնէ իր տիպարը, այն համոզմունքով,  թէ Տիրոջ ներկայութիւնն է որ արդիւնաւէտ կը դարձնէ առաքեալի աշխատանքը եւ աւետարանումի առաքելութիւնը։
Ժողովուրդներու առաքեալին փորձառութիւնը մեզի յիշել կու տայ, որ պէտք է յանձնառու ըլլանք  հովուական եւ միսինորական գործունէութեան մէջ։
Մէկ կողմէ՝ այնպէս թէ անոր արդիւնքը կախեալ ըլլար մեր ջանքերէն, մարզիկի զոհողութեան հոգիով, որ չի կասիր պարտութեան դիմաց. եւ  միւս կողմանէ՝ գիտակցելով  որ իսկական յաջողութիւնը  առաքելութեան շնորհքի պարգեւն է ։ Սուրբ Հոգին է որ արդիւնաւէտ կը դարձնէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը աշխարհի մէջ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, եւ ապա քաջալերանքք խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ «Այսօր առաքելութեան ժամն է։ Քաջութեամբ պէտք է  զօրացնենք  մեր քայլերը՝  վերագտնելու  համար  Աւետարանի ի սպաս զոհուելու համը,   ինչպէս նաեւ  վերագտնելու  առաքելութեան մէջ պարունկաուած ուժականութեան յոյսը։ Ժամն է քաջութեան եւ պայաքարիլ, ոչ միան պարտադիր  յաղթանակի համար,  այլ աւետարանելու նպատակով , եւ  ոչ թէ միայն պարտադրաբար դարձի բերելու նպատակով։ Քաջութիւն՝ բոլորին բացուելու համար, առանց երբեք նսեմացնելու Քրիստոսի, միակ փրկչին բացարձականութիւնը եւ ամբողջկանութիւնը ։
Սուրբ Կոյս Մարիամը, տիպար է մարդոց ընդառաջող Եկեղեցւոյ. ան հլու է Սուրբ Հոգիին։ Թող օգնէ բոլորիս, որ Սուրբ  Մկրտութեան զօրութեամբ ըլլանք միսիոնարական առաքեալներ, աւետելու համար փրկութեան պատգամը՝ համայն մարդկային ընտանքինին։








All the contents on this site are copyrighted ©.