2016-10-23 13:38:00

՝՝Այս ծանրակշիռ ժամերուն,մօտ կը զգամ բոլոր Իրաքի եւ յատկապէս Մոսուլի ժողովուրդին՝՝ Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 23 հոկտեմբերին, Մարեմեան աղօթքը կատարելէ առաջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ  մօտիկութեան կոչ ուղղեց իրաքի ժողովուրդին յատկապէս Մուսուլի բնակիչներուն, որոնք ողբերգական պահեր  կ՝ապրին։ 

՝՝Այս ծանրակշիռ ժամերուն, մօտ կը զգամ բոլոր Իրաքի եւ յատկապէս Մոսուլի ժողովուրդին։ Մեր հոգիները ցնցուած են՝ ի տես բռնութեան ստոր արարքներուն, որ շատ ժամանակէ ի վեր կը կատարուին անմեղ քաղաքացիներու դէմ, ըլլան անոնք քրիստոնեայ կամ իսլամ եւ կամ այլ կրօնքի մը հետեւող։ Մեծ ցաւ զգացի լսելով այդ սիրելի երկրի բազմաթիւ զաւակներու սպանման լուրը։ Այդ անգթութիւնը լաց կը պատճառէ, մեզ թողելով առանց խօսքի։ Զօրակցութեան խօսքին կ՝ընկերանայ ապահովութիւնը՝ թէ իմ աղօթքներուս մէջ պիտի յիշեմ բոլորը, որպէսզի Իրաքը մնայ հաստատուն յոյսի մէջ, որպէսզի կարենայ ընթանալ դէպի ապահով ապագայ մը՝ հաշտութեան եւ խաղաղութեան մէջ։ Ասոր համար կը խնդրեմ ձեզմէ բոլորէդ, որ լռութեամբ միանաք իմ աղօթքիս՝՝։ Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Իրաքի ժողովուրդին յղած կոչին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.