2016-10-22 12:26:00

Վանականութիւն (ԺԶ.)


Այսօրուան հաղորդումին մէջ, անգամ մը եւս կը դիմենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի վերագրուած Յաճախապատում ճառերուն, ուր կը կը խօսուի կրօնաւորական կեանքի մասին։

Յաճախապատումը այստեղ կը կ’անդրադառնայ ճշմարիտ աւանդութեան պահպանումին։ Ճշմարիտ աւանդութիւնը այն է, որ առաքեալներէն սկսեալ, եւ ապա Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը վարդապետած են։ Աստուածաշունչի կողքին, այս աւանդութիւնը կը կազմէ քրիստոնէական հաւատքի հիմը։ Առաքեալները, անոնց աշակերտները եւ ապա Հայրերը կը մեկնեն Աստուածաշունչը եւ անոր ուսուցումը։ Հետեւաբար կը կազմեն ճշմարիտ աւանդութեան ամբողջութիւնը։ Անոնք կը լուսաբանեն մութ կէտեր, եւ կամ կը բանաձեւեն հաւատքի հիմնական ճշմարտութիւնները։ Արդ, կրօնաւորները պարտական են հաստատուն պահել ճշմարիտ աւանդութիւնները։ Կրօնաւորները պէտք է հետեւին նաեւ կրօնաւորական կարգաւորութիւններու աւանդութեան։

Ճառին մէջ կը խօսուի նաեւ Սուրբ Սիրոյ մասին։ Ծանօթ է, թէ Սիրոյ պատուիրանը գերագոյն պատուիրանն է։ Ան կը բովանդակէ սէրը Աստուծոյ եւ ընկերոջ հանդէպ։ Այստեղ սէրը կը ներկայացուի իբր “մայր բոլոր բարիքներու”։ Սիրոյ պատուիրանը եւ միաբանական հոգին անհրաժեշտ են կրօնաւորներու համար, որոնք հաւաքուած են այնտեղ բաժնեկցելով հոգեւորն ու մարմնաւորը։ Անոնք իրարմէ անջատ կեանք չեն վարեր, այլ միացած սուրբ սիրով։

Ոչ միայն սիրոյ առաքինութիւնը, այլ եւ ամէն բարիք Աստուծմէ կու գայ, ինչպէս կը վկայեն այս տողերը։ Սակայն ընդունելու համար այս բարիքները կարեւոր է հեռանալ եսէն եւ երկրային երեւացող բաներէ՝ փափաքելով երկնայինին։ Սա իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կոչումն է, սակայն մասնաւոր կերպով կրօնաւորի կոչումն ու կեանքի ուղին է։ Առաւել եւս, ինչպէս ճառին մէջ կը կարդանք, կրօնաւորը պէտք է հրաժարի աշխարհիկ զբաղմունքներէ, որոնք արգելք կը հանդիսանան հոգեւոր եւ ներանձնական կեանք վարելու։ Մինչ հոգեւոր կեանքը կրօնաւորը կը մերձեցնէ հրեշտակներու վարքին։ “Հրեշտակներու վարք” եւ “հրեշտակակրօն կեանք” բացատրութիւններուն անդրադարցած էինք արդէն մեր նախորդ հաղորդումներուն մէջ։

Յաճախապատումի 23րդ գլխուն մէջ կը կարդանք՝ “Իսկ այն, որ ճշմարիտ աւանդութիւնները հաստատուն կը պահէ՝ “Տեղ պիտի տամ անոր իմ տանս մէջ՝ հաստատուելու այնտեղ միասնաբար հոգուով ու մարմնով, որոնք չեն անջատուիր իրարմէ, այլ միաբանութեամբ՝ իրարու հանդէպ սուրբ սիրով պիտի ապրին”։ Որովհետեւ այս է մայրը բոլոր բարիքներուն։ Ասոր համար յաճախ կը խօսիմ սիրոյ մասին, որովհետեւ այդ է բարին եւ Աստուծմէ ընդունելին, եւ ինքնին՝ Անոր հրամանը։

Այլեւ ոչ ոք թող խորհուրդներով յածի եւ մարմնով գայթակղի՝ այլ մնայ լաւագոյն կարգաւորութեան մէջ՝ համամիտ կամքով, յիշելով մարդասէր երկնաւոր Հօր վերին որդեգրութիւնը։ Ընդունելու հոգեւոր գրաւականը՝ եւ սորվելու անոր հանգամանքները. եւ հեռանալով եսէն եւ երեւացողներէն, երկնայինները փափագելով՝ արհամարհել երկրայինները։

Պէտք է հրաժարիլ աշխարհիկ զբաղմունքներէն եւ հրեշտակայիններու մերձ վարք ունենալ։ Չնայիլ երկրաւոր բաներու, այլ ըլլալ ընդունակ լոյսին։ Եւ մաքրուելով հոգւով եւ մարմնով, փրկուիլ կենդանարար Քրիստոսի ազատութեամբ, որ կը շնորհուի Աստուած սիրողներուն, եւ աստուածային կարգին կոչուած սուրբերուն։ Իր յաջորդ գալստեան՝ ան պիտի շնորհէ անսպառ բարիքները Հօր եւ Որդւոյն եւ Հոգիին, որոնց փառք յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.